Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի Խորհրդական Արտակ Բշտիկեան Այցելեց ՍԴՀԿ Գրասենեակը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի Խորհրդական Արտակ Բշտիկեան Այցելեց ՍԴՀԿ Գրասենեակը

by MassisPost

Ուրբաթ, Մարտ 29-ին ՍԴՀԿ Կլէնտէլի գրասենեակը այցելեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանի խորհրդական Պր. Արտակ Բշտիկեան, ընկերակցութեամբ ՀՀ Լոս Անճելըսի Հիւպատոսութեան խորհրդական Ռազմիկ Ստեփանեանի:

Գրասենեակէն ներս հիւրերը ընդունուեցան ՍԴՀԿ ներկայացուցիչներու կողմէ, գլխաւորութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Խոտանեանի:

Հանդիպումի ընթացքին Պր. Բշտիկեան ներկայացուց պաշտպանութեան նախարարութեան նոր ռազմավարութիւնը, Հայ-Ատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող ընդհանուր իրավիճակը, նոր զինատեսակներու ապահովման գծով տարուող աշխատանքները, Սուրիա մարդասիրական առաքելութեան նպատակը, բանակէն ներս տեղի ունեցող փոփոխութիւնները, զինուորականներու կենցաղային պայմաններու բարելաւման ուղղուած քայլերը եւ զինուորական նոր եւ գերարդիական հիւանդանոցի կառուցման ծրագիրը:

Ապա, Պր. Բշտիկեան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախեան հարցի վերջին զարգացումներուն, բանակցային գործընթացներուն ու նաեւ Հայաստանեան մամուլէն ներս լոյս տեսնող եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ու բանակին վերաբերող որոշ լուրերուն ու քննադատութիւններուն:

Պր. Բշտիկեան բոլոր հարցերուն տուաւ սպառիչ պատասխաններ եւ լուսաբանութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment