Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի Սրահի Բարեզարդման Ի Նպաստ Ճաշկերոյթի Ընթացքին Հանգանակուեցաւ 150 Հազար Տոլար

Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի Սրահի Բարեզարդման Ի Նպաստ Ճաշկերոյթի Ընթացքին Հանգանակուեցաւ 150 Հազար Տոլար

by MassisPost

Վերջին տարիներուն խիստ անհրաժեշտ կը նկատուէր Փասատինայի Հ.Կ.Բ.Մ.ի կեդրոնի «Կարօ Սողանալեան» սրահի եւ յարակից բաժանմունքներու վերանորոգութիւնն ու բարեզարդումը, քայլ պահելու համար ժամանակի եւ արդիական պահանջներուն: Այս նպատակով կազմակերպուած էր յատուկ յանձնախումբ մը. որուն բազմակողմանի գործերէն մին եղաւ հանգանակային ճաշկերոյթի մը. որ տեղի ունեցաւ անցեալ Շաբաթ Մարտ 23. 2019 Կարօ Սողանալեան սրահին մէջ:

Միջոցառումին ներկայ էին Արեւմտեան Թեմի նախկին առաջնորդ Գեր. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան Կեդրոնէն ներս գործող տարբեր կառոյցներու վարչական անդամներ եւ համակիրներ:

Սոյն միջոցառումի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով Հ.Մ.Մ.ի Տիկնանց Օժանդակ մարմնի ատենապետուհի Կարինէ Գոճապապեան, իր ելոյթին մէջ, ջերմօրէն շնորհաւորեց հրաւիրեալներն ու հիւր անձնաւորութիւնները, որոնք եկած էին քաջալերելու այս հայրենանուէր հաստատութիւնն ու անոր օգտաշատ առաջադրանքները:
Օրուան հանդիսավարն էր Ստեփան Յովակիմեան, որ իւրայատուկ զուարթախօսութեամբ ընթացք տուաւ յայտագրին:

Շնորհալի ջութակահար Մերուժան Մարգարեանի դասական եւ ժողովրդային նուագներու ներքեւ տեղի ունեցաւ համադամ ընթրիքի սպասարկումը, ընկերային զուարթ մթնոլորտի մը մէջ:

ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի փոխ-ատենապետ Գաբրիէլ Մոլոյեան իր ելոյթին մէջ համապարփակ տեղեկութիւններ տուաւ 50 տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ հիմնադրուած Հ.Կ.Բ.Մ.ի կրթանուէր եւ ժողովրդանուէր (դպրոց, դարմանատուն, եւայլն) բեղուն գործունէութեան մասին: Արդիւնաւէտ առաքելութիւն մը արդարեւ, որուն շառաւիղը հասած է մինչեւ ԱՄՆ:

Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, որ Կեդրոնի հիմնադրութեան առաջին օրէն ի վեր միշտ օժանդակած է անոր, իր ելոյթին մէջ դրուատալից խօսքերով արժեւորեց այս հաստատութեան նուիրական առաքելութիւնը որպէս «լուսաւոր օճախ մը հայակերտումի»:

Տեսաերիզի վրայ ցուցադրուեցաւ «Կարօ Սողանալեան» սրահի եւ անոր յարակից բաժանմուքներու ¤խոհանոց, լուացարաններ եւայլն¥ նախկին եւ վերանորոգուած վիճակն ու նախատեսուած այլ բարեզարդումները, իրենց արդիական ձեւաւորումներով:

Ապա, ելոյթ ունեցաւ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանի ՍԴՀԿ ատենապետ Գրիգոր Խոտանեան: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս կեդրոնը եղածը է տունը «Մասիս» շաբաթաթերթի, Հայ Մարմնամարզական Միութեան, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, շրջանի կուսակցական մասնաճիւղին եւ երիտասարդական ու պատանեկան միաւորներուն, որոնք ազգանուէր իրենց գործունէութեամբ կը ծառայեն Հայ ժողովուրդին: Ան յիշատակեց անունները անոնց, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են Կեդրոնի գնման ու զայն տարիներու ընթացքին կանգուն պահելու աշխատանքներուն մէջ:

«Այդ անուններուն վրայ կու գայ աւելնալու նուիրեալի մը անունը եւս», ըսաւ Ընկ. Խոտանեան մեծապէս գնահատելով այն գործնական աշխատանքը, որ այս օրերուն կը տանի Յանձնախումբի ատենապետ Ընկ. Թադէոս Քորողլեանը, որպէսզի Կեդրոնի բարեզարդումը իրականութիւն դառնայ:

Ընկեր Խոտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Յանձնախումբի միւս անդամներուն՝ Կարինէ Քոճապապեանին, Լենա Տէրտէրեանին, Արօ Գրիգորեանին եւ Սեպուհ Գաբրիէլեանին:

Ապա, յատուկ արարողութեամբ մը բարեզարդման յանձնախումբի անունով ոսկեմետալով եւ պատուոյ յուշատախտակով պարգեւատրուեցաւ ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Թադէոս Քէորողոլեանը, առ ի գնահատութիւն իր նիւթաբարոյական աջակցութեան, նուիրումին եւ օգտաշատ ծառայութիւններուն:

Հանգանակային երեկոյի առթիւ Տէր եւ Տիկին Թադէոս եւ Նորա Քէօրօղոլեաններ 50 հազար տոլար նուիրեցին օրուայ նպատակին: Կատարուեցան նաեւ բազմաթիւ մեծ ու փոքր նուիրատուութիւններ, որոնց ընդհանուր գումարը հասաւ 150 հազար տոլարի:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս խանդավառ մթնոլորտին եւ գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար: Գալով Հ.Կ.Բ.Մ.ի Կեդրոնի առաքելութեան ան ըսաւ թէ հայութիւնը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի: Հարկ է բոլոր միջոցներով պայքարիլ, չի կորսնցնելու համար մեր լեզուն ու ինքնութիւնը: Պէտք է ամուր պահել մեր արմատները եւ հայրենասիրական դրօշը փոխանցենք յաջորդ սերունդին, նաեւ դառնալու ամրակուռ օղակը մայր հայրենիքի ներկայ իրականութեան հետ:

Երեկոյի ընթացքին ազգագրական եւ հայրենասիրական ելոյթներով հանդէս եկաւ շնորհալի երգչուհի Հայկուհի Բաբախանեան: Տիրող տօնական մթնոլորտը իր զուարթախօսութիւններով խանդավառեց Ստեփան Յովակիմեան:

MERO-0007

MERO-0011

MERO-0049

MERO-0052

MERO-0060

MERO-0075

MERO-0019

MERO-0031

MERO-0084

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment