Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեանը Ենոքաւանի Մէջ Ոչ Պաշտօնական Հանդիպում Ունեցած է Վրաստանի Վարչապետ Պախթաձէի Հետ

Փաշինեանը Ենոքաւանի Մէջ Ոչ Պաշտօնական Հանդիպում Ունեցած է Վրաստանի Վարչապետ Պախթաձէի Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Վրաստանի կառավարութեան ղեկավար Մամուքա Պախթաձէն ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած են Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքին մէջ:

Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքէջին, զրուցակիցները քննարկած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգային տարբեր հարցեր, անդրադարձած երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ թեմաներու:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Մամուքա Պախթաձէն ընդգծած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ համոզմունք յայտնած, որ յետագայ աշխոյժ փոխգործակցութիւնը պիտի նպաստէ երկու հարեւան ու բարեկամ պետութիւններուն միջեւ շարք մը ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացմանն ու ընդլայնման:

Այս ծիրէն ներս, կողմերը կարեւորած են ոչ միայն պաշտօնական, այլ նաեւ նման ոչ պաշտօնական հանդիպումներու յաճախակի իրականացումը:

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Մամուքա Պախթաձէի նախորդ ոչ պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցած էր ընթացիկ տարուան 15  Յունուարին` Վրաստանի Պոլնիսի քաղաքին մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment