Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Սիպիլի Համերգն Ուրուկուէյի Մէջ Նուիրուած Արաքս Ռատիօժամի 12-ամեակին

Սիպիլի Համերգն Ուրուկուէյի Մէջ Նուիրուած Արաքս Ռատիօժամի 12-ամեակին

by MassisPost

Հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր զաւակներ Կոմիտասի եւ Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակիներուն առիթով, անոնց ասոյթներով համեմուած խօսքով Մօնթէվիտէոյի Սիթառոսա սրահին մէջ, աւելի քան 400 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Արաքս ռատիօժամի հոբելենական համերգը:

Անգամ մը եւս ռատիոյի տնօրէն Տիէկօ Գարամանուկեանի, Մարիանա Գարամանուկեանի եւ Յովհաննէս Պոտուքեանի ռատիօհաղորդման նման վարուած համերգը ստացաւ հանդիսատեսներու բուռն ծափահարութիւնն ու ոգեւորող քաջալերութիւնը: Տասներկուերորդ տարեդարձը պսակուեցաւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի ներկայութեամբ: Հարաւային Ամերիկայի մէջ շրջագայութիւն կատարող երգչուհիին  հետ համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ համայնքային ուժեր: Մաեսթրօ Ալվարօ Յակոբեանի տեղական ուժերով կազմած նուագախումբը, որուն միացաւ տուտուկահար Էտգար Մարգարեանը անգամ մը եւս հիացնելով հանդիսատեսը: Սիպիլի՝ հանրաճանաչ տաղանդի համերգին  միացան  նաեւ երիտասարդ եւ տաղանդաւոր երգչուհի Նեկտար Միրակեանը եւ  Պուէնոս Այրէսէն ժամանած պարուհի Տէվորա Պալայեանը:

Սիպիլը Արաքս ռատիօժամի հրաւէրով Մօնթեվիտէօ ժամանեց Մարտ 16 ին, Գորտովա եւ Պուէնոս Այրես կատարած համերգներէն ետք:

sibil-2

Քաղաքի տեսարժան վայրերն ու հանրայայտ Արմենիա հրապարակը այցելելէն վերջ, այդ երեկոյ, ՍԴՀԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին հանդիպումը Ուրուկուէյի հայութեան հետ: Ջերմ մթնոլորտի մէջ երգչուհին պատմեց պոլսահայ համայնքի եւ իր գեղարուեստական կեանքի մասին, թէ ինչպէս կրցաւ հասնիլ այն կարեւոր նպատակին, որն է Թուրքիոյ մէջ եւ թուրք ունկնդիրներուն մօտ տարածել հայ երգը: Ապա ներկաները կրցան անձամբ զրուցել եւ լուսանկարուիլ երգչուհիին հետ:

Կիրակի առաւօտեան Սիպիլը ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Ներսէս եկեղեցւոյ մէջ: Իր խնդրանքով այդ օրը հոգեհանգստեան պաշտօնը նուիրուեցաւ վախճանեալ Պոլսոյ Պատրիարքին՝ Մեսրոպ Մութաֆեանի յիշատակին: Հաւատացեալները կրցան վայելել անոր կատարմամբ Տէր Ողորմեան:

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազան՝ Տ Յակոբ Արքեպիսկոպոս Գլնճեան անդրադարձաւ Մեսրոպ Մութաֆեանի վաստակին եւ յոյս յայտնեց որ արժանապատիւ նոր պատրիարք կ՛ընտրուի Պոլսոյ մէջ:

Կէսօրին երգչուհին այցելեց Արաքս ռատիոկայան եւ իր հրաւէրք ուղղեց ունկնդիրներուն:

Երկուշաբթի օրը առաւօտեան, ան հարցազրոյց ունեցաւ տեղւոյս  La Tele  CANAL 12 հեռուստատեսութեան կայանին մէջ իսկ կէսօրէն ետք այցելեց Նուպարեան Վարժարան, ուր հանդիպեցաւ Նուպարեան եւ Ներսէսեան վարժարաններու աշակերտութեան հետ:

Սիպիլը ընդունեց նաեւ Ուրուկուէյի Զբօսաշրջութեան Նախարար Լիլիամ Քեչիչեանը, որ բարձր գնահատեց երգչուհիին կատարած գործունէութիւնը: Սիպիլն իր հերթին փոխանցեց իր ստացած տպաւորութիւններն Ուրուկուէյի մասին եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար:

Սիպիլն այցելեց նաեւ Հայ Կաթոլիկ եկեղեցի, ուր երգչուհին դիմաւորեց  վարդապետ Անթոնիօ Քեչիչեանը:

Երեքշաբթի, նոր հարցազրոյց ունեցաւ Ազգային հեռուստատեսութեան TNU CANAL 5 կայանի Buscadores ծրագրին մէջ, ապա երեկոյեան համերգը…

sibil-3

Համերգի ընթացքին թատերասրահին մէջ իշխեց երգ, երաժշտութիւն, պար ու խօսք դարձած հայ ոգին, ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան նոր շունչ հաղորդելով ներկաներուն:

Համերգէն ետք ստեղծուած մթնոլորտէն ոգեւորուած Տիէկօ Գարամանուկեան նշեց, որ ունկնդիրներու պատասխանը ձեռնարկուած համերգին անգամ մը եւս ապացուցեց, որ տասներկու տարի առաջ սկսած մարտահրաւէրը, կը կատարէ իր առաքելութիւնը վառ պահելով հաղորդակցութիւնը, կիսելով երաժշտութիւն, տեղեկութիւն, աւանդոյթներն ու մշակոյթը. ներկայ գտնուելով եւ արձագանքելով հայութեան բոլոր կարեւոր ձեռնարկներուն, դառնալով կամուրջ գաղութի եւ հայրենիքի ու աշխարհասփիւռ միւս հայ համայնքներուն հետ: Տասներկու տարի շարունակ իր ունկնդիրներուն հետ կիսած է հայութիւնը՝ որպէս ինքնութիւն, եւ ապրելակերպ: Տասնըերկու տարիներու վառ ապրումներն էին, որ մարտ ամսուն միացան ռատիօի պատասխանատուներն ու ունկնդիրները միասին տօնելու երգով, պարով, Սիպիլի բացառիկ ներկայութեամբ եւ համայնքէն ծնունդ առած տաղանդներով, իր տարեդարձը զայն դարձնելով հայ երգի ու երաժշտութեան տօն:

Պոլիս վերադառնալէն առաջ Սիպիլն այցելեց Ուրուկուէյի ծովափնեայ քաղաքներ Փիրապոլիսն ու Փունթա դէլ Էսթէն, ուր այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ զետեղուած հայ կնոջ նուիրուած յուշարձանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment