Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քաղաքական Նոր Մշակոյթ

Քաղաքական Նոր Մշակոյթ

by MassisPost

Վերջին ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան լայնածաւալ փոփոխութիւններ գրեթէ բոլոր բնագաւառներէ ներս, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ մարզերու մէջ:

Մարտ 19-ին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մատենադարանեն ներս հրաւիրած էր մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ան 4,5 ժամ տեւողութեամբ պատասխանեց լրագրողներու բազմատեսակ հարցերուն՝ սկսած Արցախեան հարցէն, անցնելով տնտեսականին եւ նոյնիսկ անդրադարձ կատարելով վարչապետի ընտանիքի հետ կապուած հարցերուն:

Հայաստանի ղեկավարին կողմէ նման մատչելիութիւն, ըլլայ այդ լրագրողներուն թէ պարզ ժողովուրդին հետ յարաբերելու առումով, եզակի երեւոյթ է երկրէն ներս: Անցեալին, Հայաստանի նախագահները շատ հազուագիւտ կը շփուէին մամուլի հետ, իսկ փողոց իջնալով հասարակութեան հետ բաց խօսակցութիւն ունենալը բացառուած էր: Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի օրօք, յատուկ ընտրուած լրագրողներ կ՛առաջնորդուէին նախագահական պալատ, ուր նախապէս ծրագրուած պայմաններու տակ անոնք կը պատասխանէին ընդհանրապէս քաղաքական հարցերու: Ոչ մէկ լրագրող կը համարձակէր «դժուար» հարցեր տալ նախագահին, իսկ անոնց ընտանիքի անդամներու մասին նիւթերը կը պահուէին որպէս «պետական գաղտնիք»:

Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ասդին այդ բոլոր աւանդական սովորոյթները դադրած են ի զօրու ըլլալէ: Որպէս երկրի առաջին դէմք ան կը ցուցաբերէ թափանցիկ մօտեցում հասարակութեան հետ յարաբերելու առումով: Ոմանք, երկրի ղեկավարի կողմէ այս վերաբերմունքը կը նկատեն պարզ ամբոխավարութիւն: Սակայն, նման բաց խօսակցութիւնը՝ լրագրողներու եւ պարզ ժողովուրդի հետ առիթ կու տայ աւելի մօտէն տեղեկանալու հասարակութեան դիմագրաւած խնդիրներուն, փոխանակ յատուկ պատրաստուած զեկոյցներու ընդմէջէն ծանօթանալու երկրին մէջ տիրող իրավիճակին:

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը իր հետ բերաւ բազմաթիւ նորութիւններ՝ Հայաստանի եւ Հայաստանցիներուն կեանքէն ներս, որոնց շարքի է նաեւ հասարակութեան հետ բաց խօսելու մշակոյթի ձեւաւորումը, որ խթան կրնայ հանդիսանալ իշխանութեան հանդէպ ժողովուրդի վստահութեան մակարդակի բարձրացման՝ անկէ բխող բոլոր դրական հետեւանքներով:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment