Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2016-ի Օֆշորային Սքանտալի Գործով Միհրան Պօղոսեանը Հրաւիրուած է ՅՔԾ

2016-ի Օֆշորային Սքանտալի Գործով Միհրան Պօղոսեանը Հրաւիրուած է ՅՔԾ

by MassisPost

Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) նախկին պատգամաւոր, Դատական աքթերու (գործերու) հարկադիր կատարման (ԴԱՀԿ) ծառայութեան նախկին ղեկավար Միհրան Պօղոսեանը հրաւիրուած է Յատուկ քննչական ծառայութիւն (ՅՔԾ) հարցաքննութեան՝ 2016-ի օֆշորային սքանտալի   գործով, «Ազատութեան» հարցին   պատասխան ըսած է ՅՔԾ խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը։

Օհանջանեանի խօսքով, Պօղոսեանը չէ ներկայացած հարցաքննութեան՝ պատճառաբանելով, որ երկրէն դուրս է։

Պօղոսեանը առաջարկած է իրեն հարցաքննել տեսակապի միջոցով, ինչը մերժուած է, քանի որ, ըստ ՅՔԾ խօսնակի, այդպիսի ընթացակարգ օրէնքով նախատեսուած չէ։

Վարոյթ իրականացնող մարմինը Պօղոսեանը կրկին հրաւիրած է հարցաքննութեան՝ առաջարկելով յայտնել Հայաստան վերադառնալու ժամկէտները։

Այլ մանրամասնութիւն չի հաղորդուիր։

ՅՔԾ-ն այս տարուան 24 Յունուարին վերսկսած է այս գործի վարոյթը։ Քրէական գործը յարուցուած էր ձեռնարկատիրական գործունէութեան ապօրինի մասնակցելու յատկանիշներով։ Անոր համար հիմք հանդիսացած էր «Հետք»-ի հրապարակումը այն մասին, որ նախկին գլխաւոր հարկադիր կատարող Միհրան Պօղոսեանը Փանամայի մէջ գրանցած օֆշորային ընկերութիւններու միջոցով պիզնես ըրած է, պաշտօնը օգտագործած է սեփական գործի զարգացման համար՝ թաքցնելով եկամուտները։

Միհրան Պօղոսեանի ու անոր բարեկամներու անունները յայտնուած էին ներկայ ու նախկին պաշտօնեաներու, այդ շարքին՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի անուններու կողքին:

Քրէական գործի յարուցումէն մէկ ամիս անց Պօղոսեանը հրաժարական տուաւ Դատական աքթերու հարկադիր կատարման (ԴԱՀԿ) ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնէն։

2017-ի Յունուարին, երբ կարճուած էր քրէական գործը, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Միհրան Պօղոսեանը թիւրիմացութիւն որակած էր այն:

Գործի կարճումէն երկու ամիս անց՝ 2017-ի Ապրիլին, Պօղոսեանը Հանրապետական կուսակցութեան ցուցակով Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընտրուած էր:

Իրաւապահները այն ժամանակ կը պնդէին, որ գործը ընթացք չստացաւ՝ յանցակազմի բացակայութեան հիմքով։ Յատուկ քննչական ծառայութիւնն էլ հաղորդած էր, որ մամուլին մէջ հրապարակուած ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ քննութեան համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող ժամանակահատուածին Դատական աքթերու հարկադիր կատարումը (ԴԱՀԿ) ապահովող ծառայութեան հետ համագործակցած միւս կազմակերպութիւններու աշխատակիցներու ցուցմունքներով եւ նախաքննութեան ընթացքին կատարուած քննչական այլ գործողութիւններու արդիւնքով չէ հիմնաւորուած Միհրան Պօղոսեանի կողմէ Հայաստանի մէջ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնող որեւէ կազմակերպութեան գործունէութեան ապօրինի մասնակցելու հանգամանքը:

«Փանամական փաստաթուղթերու» միջազգային հետաքննութեան մասնակցած «Հետք» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Էտիկ Պաղտասարեանը 2017-ին «Ազատութեան» յայտնած էր, որ քննչական մարմինը իրենցմէ նոյնիսկ չէ պահանջած այն փաստաթուղթերը, որոնցմով կ’ապացուցուէր Պօղոսեանի ապօրինի գործունէութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment