Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Շուէտի Թագաւորութեան միջազգային համագործակցութեան զարգացման հարցերու նախարար Փիթըր Էրիքսընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ՝ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացները՝ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ թափանցիկութեան ապահովման ուղղութեամբ անշրջելի են եւ նոր հնարաւորութիւններ կը բանան Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու, այդ շարքին՝ Շուէտի հետ կապերը խորացնելու համար, որ օրինակելի փորձ կուտակած է այս ոլորտներուն մէջ:
Վարչապետի խօսքով՝ Հայաստանը ունի բարեփոխումներու մեծ օրակարգ եւ պատրաստ է ընդլայնել գործակցութիւնը Եւրոմիութեան հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի շրջանակէն ներս:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Փիթըր Էրիքսըն նշած է, որ առաջին անգամ է կ’այցելէ Հայաստան եւ ուրախ է երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման հարցերը քննարկելու առիթի համար: Շուէտի միջազգային համագործակցութեան զարգացման հարցերու նախարարը ողջունած է մեր երկրին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները, որոնք կ’իրականացուին ժողովրդավարութեան ամրապնդման, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման, կաշառակերութեան դէմ պայքարի յաջողման եւ շուկայական տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ: Ան նշած է, որ Շուէտը պատրաստ է խորացնել Հայաստանի հետ կապերը՝ թէ՛ երկկողմ, թէ՛ բազմակողմ ձեւաչափով, այդ շարքին նաեւ «Արեւելեան գործընկերութեան» շրջանակէն ներս՝ որպէս 10 տարի առաջ «Արեւելեան գործընկերութիւնը» նախաձեռնած երկիր:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է՝ երկուստեք միջգերատեսչական մակարդակով համատեղ աշխատիլ Փոխըմբռնման յուշագրի մշակման շուրջ, որուն մէջ նախանշուած պիտի ըլլան համագործակցութեան ուղղութիւնները եւ ծրագրերը: