«Ժողովուրդ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը դեռ հարցաքննութեան չէ կանչուած Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ նախաքննութեան տուեալները հրապարակելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի շրջանակէն ներս:
Քնար Մանուկեանի խմբագրած թերթը 16 Մարտի համարի առաջին էջին տպագրած է Հայաստանի երրորդ նախագահ, 2008-ին Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած Սերժ Սարգսեանի ցուցմունքէն հատուածներ 2008-ի մարտեան իրադարձութիւններու վերաբերեալ: Աւելի վաղ թերթը հրապարակած էր այս գործի շրջանէն ներս որպէս վկայ հարցաքննուած Սահմանադրական դատարանի անդամ Ֆելիքս Թոխեանի եւ 2008-ին Պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած Գագիկ Մելքոնեանի հարցաքննութիւններէն հատուածներ:
Անկէ ետք Յատուկ քննչական ծառայութիւնը զգուշացուցած էր լրատուամիջոցներուն, որ նախաքննական գաղտնիք պարունակող տուեալներու հրապարակումը կրնայ յանգեցնել քրէական պատասխանատւութեան, իսկ թերթի շաբաթօրեայ համարի լոյս ընծայումէն ետք արդէն քրէական գործ յարուցուած է:
Քնար Մանուկեան. – «Ակնյայտ ճնշում լրատուամիջոցի նկատմամբ. մինչ քրէական գործը յարուցելը յայտարարուեց զգուշացում: Սա սպառնալիք է, եթէ ոչ աւել…Քո գործունէութիւնը հնարաւոր կերպ զսպելու, քո յետագայ ընթացքը զսպելու ընթացք տեղի ունեցաւ»:
Օրաթերթի հրապարակած ծաւալուն սղագրութեան մէջ Սերժ Սարգսեանը ըսած է, որ եթէ ինք պաշտպանութեան նախարար ըլլար, ապա ինքը եւս կը ստորագրէր զօրքը զօրանոցային վիճակի բերելու հրաման: «Ինչ կատարել են այդ ժամանակուայ ՀՀ նախագահն ու պաշտպանութեան նախարարը, ես համարում եմ, որ կատարել են օրէնքի եւ իրենց իրաւասութեան շրջանակներում եւ ես չեմ պատրաստւում իրաւական գնահատականներ հնչեցնել», – ըսած է նախկին նախագահը:
Քնար Մանուկեանը պնդած է, որ այս նիւթերը իր ձեռքի տակ յայտնուած են նախքան Ռոպերթ Քոչարեանի, Սեյրան Օհանեանի, Եուրի Խաչատուրովի եւ Արմէն Գէորգեանի մասով Յտուկ քննչական ծառայութեան կողմէ նախաքննութեան աւարտի մասին յայտարարելը, եւ ինքը ըսած է, որ անոնք պիտի հրապարակէ աւարտէն ետք: Այդպէս ալ ըրած է:
Մանուկեանը ըսած է, որ իրենք պիտի շարունակեն Մարտ 1-ի գործով ցուցմունքներ հրապարակել, եւ անգամ դատարանի որոշումը աղբիւրը բացայայտելու մասին, իրենց չի կաշկանդեր. – «Արդիւնքի չեն հասնելու: Ես վստահեցնում եմ Ձեզ, ինչ որոշում կը կայացնի դատարանը, ես մինչեւ վերջ կը գնամ: Այն, ինչ ձգտում է այսօր Յատուկ քննչական ծառայութիւնը՝ պարզելու աղբիւր, պատասխանատւութեան կանչելու, ճնշելու լրատուամիջոցին, իրենք արդիւնքի չեն հասնի: Մինչեւ վերջ կը գնամ էն տեսանկիւնից, որ կը հասնեմ այն արդիւնքին, որ երբեք իրենք չեն կարողանայ ճնշել լրատուամիջոցին: Ես շարունակելու եմ իմ գործելաոճը՝ անկախ նրանից, որ այս փուլում Յատուկ քննչական ծառայութիւնը տարածել է հաղորդագրութիւն պատասխանատւութեան մասին: Եթէ անհրաժեշտ լինի, կարող են այլ ցուցմունքներ, որոնք կան իմ ձեռքի տակ, հրապարակուեն»:
Ըստ ՅՔԾ հաղորդագրութեան, քրէական գործի նախաքննութիւնը կ’աւարտի մեղադրական եզրակացութիւն կազմելով: Իսկ մինչեւ նախաքննութեան աւարտը քրէական դատավարութեան կողմերը չեն կրնար նախաքննական գաղտնիքը բացայայտող տեղեկութիւններ հրապարակել կամ փոխանցել այլ անձերու, այդ շարքին՝ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն, քանի որ, համաձայն օրէնքի, առանց քննիչի, դատախազի կամ հետաքննութիւն կատարող անձի թոյլտւութեան, քրէական գործին առնչուող նախաքննութեան տուեալները հրապարակելը կրնայ յանգեցնել քրէական պատասխանատւութեան: