Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցաւ Պոլսոյ Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի Յուղարկաւորութիւնը

Տեղի Ունեցաւ Պոլսոյ Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի Յուղարկաւորութիւնը

by MassisPost

Հոգեւոր եւ աշխարհիկ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, հազարաւոր մարդոց մասնակցութեամբ Պոլսոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով վերջին հրաժեշտը տուին Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանին:

Վաղ առաւօտէն Գումգափուի Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ մեկնարկած է պատրիարքի վերջին օծման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են Հայ Առաքելական եկեկեցւոյ չորս նուիրապետական թեմերու ներկայացուցիչները:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանը եւ Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեանը:

Անթիլիասէն ժամանած էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս Ալեմէզեանը, Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խորէն եպիսկոպոս Աշքարեանը:

Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը արտասանած է դամբանականը, Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը ընթերցած է շնորհակալական ցուցակը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը եկեղեցւոյ խորանի մօտ կատարած է վախճանեալ Մեսրոպ պատրիարքի վերջին օծումը:

Հոգեհանգիստի արարողութեան ներկայ եղած են Հայ կաթոլիկ համայնքի ղեկավար Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքեանը, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդ Գրիգոր Աղապալօղլուն, ինչպէս նաեւ ասորական, կաթոլիկ, ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչ հոգեւորականներ:

Եկեղեցի եկած էին նաեւ թրքական մէճլիսի հայազգի պատգամաւորներ Կարօ Փայլանը, Մարգար Եսայեանը, նախկին պատգամաւոր Սելինա Տողանը, համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, հասարակական գործիչներ:

moutafian funeral-2

Հանգուցեալ պատրիարքի տիրամօր՝ Մարի Մութաֆեանին եւ պոլսահայ համայնքին ցաւակցելու եկած էին շարք մը բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներ՝ Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իբրահիմ Քալըն, նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը, «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խօսնակ Օմէր Չելիքը, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյը, Պոլսոյ նահանգապետ Ալի Եէրլիքաեան, քաղաքապետ Մեւլութ Ույսալը, Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Ունալ Չեւիքօզը եւ պատգամաւոր Սեզգին Թանրըքուլուն:

Նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն, մամուլի ներկայացուցիչներու հետ զրոյցի ժամանակ իր ցաւակցութիւնը յայտնելով պատրիարքի վախճանի կապակցութեամբ, նշած է, որ Մեսրոպ Մութաֆեանը իբրեւ հոգեւորական եւ մտաւորական հայրենասէր քաղաքացի էր, որ իր համախմբող մօտեցմամբ կեանքի ողջ ընթացքին կատարեց իր կրօնական պարտականութիւնը:

«Ան կարեւոր ներդրում ունեցաւ, որպէսզի հայերն ու թուրքերը աւելի մօտենան եւ իրար աւելի լաւ հասկնան», – ըսած է Քալըն:

Շուրջ չորս ժամ տեւած կրօնական արարողութենէն ետք պատրիարքի դագաղը դուրս բերուած է մայր եկեղեցիէն եւ դրուած պատրիարքարանի մուտքի առաջ: Ընթերցուած են դամբանախօսութիւններ, հազարաւոր մարդիկ յարգանքի տուրք մատուցելով ճանապարհած են լուսահոգի պատրիարքը, ապա թաղման թափորը ուղեւորուած է դէպի Շիշլիի հայկական գերեզմանատուն: Թաղման արարողակարգէն ետք Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը հողին յանձնուած է գերեզմանատան պատրիարքներու համար առանձնացուած հատուածին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment