Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի մէջ «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» Ծանր Դրութեան Մէջ Դրած է Պաքուն. BBC

Հայաստանի մէջ «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» Ծանր Դրութեան Մէջ Դրած է Պաքուն. BBC

by MassisPost

Հայաստանի մէջ «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» եւ իշխանափոխութիւնը ծանր դրութեան մէջ դրած է Պաքուն, ուր ամենաքիչը կը սպասէին իշխանափոխութիւն հարեւան երկրին մէջ:

Ինչպէս կը գրէ BBC-ին, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ առաջինը ըլլալու մրցակցութիւնը եւ Արեւմուտքի աչքին «կարեւոր գործընկերոջ» դերակատարութիւնը նախկինի պէս կարեւոր գործօն է Հարաւային Կովկասի երկիրներու քաղաքականութեան մէջ:

«Եթէ նախապէս Ատրպէյճանը ինքզինք կը համարէր Հարաւային Կովկասի մէջ առաջատար՝ Արեւմուտքի անվտանգութեան շահերու (առաջին հերթին նաւթային եւ հաղորդակցային) մատակարարման տեսանկիւնէ, ապա այժմ նաւթի համաշխարհային շուկային մէջ իրավիճակի փոփոխութեան պատճառով ջերմուժի ոլորտին մէջ նախագիծերը կորսնցուցեր են կարեւորութիւնը:

Սա կը նշանակէ, որ արտաքին գործօններու նշանակութիւնը իշխանութեան օրինականութեան առումով թուլացած է, եւ երկրի առաջնորդը ստիպուած է դիմելու հասարակութեան՝ իր իշխանութիւնը ամրապնդելու համար: Ներքին աջակցութիւնը կարեւոր է Ատրպէյճանի համար նաեւ անոր համար, որ այն ուղղակիօրէն կ’անդրադառնայ երկրի անվտանգութեան ամենակարեւոր խնդրի՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման գործընթացին վրայ:

Միաժամանակ Ռուսաստանի (ինչպէս նաեւ Իրանի) ընկալումը՝ որպէս հզօր տարածաշրջանային տէրութիւն, թուլացած է միջազգային պատժամիջոցներու ճնշման տակ: Այս ամէնը կը ստիպէ Ալիեւին երկրի ներսը տիրող իրավիճակին աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել, քան անցեալին: Բայց որքա՞ն հեռու կրնայ ան երթալ իր բարեփոխումներուն մէջ», – ըսուած է յօդուածին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment