Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանը Կեանքի Որակով Պաքուէն ու Թիֆլիսէն Առաջ է

Երեւանը Կեանքի Որակով Պաքուէն ու Թիֆլիսէն Առաջ է

by MassisPost

Mercer միջազգային խորհրդատուական ընկերութիւնը հրապարակած է աշխարհի քաղաքներու վարկանիշը ըստ կեանքի որակի: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, վարկանիշին մէջ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը առաջ անցած է Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսէն եւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուէն:

Վարկանիշին մէջ Երեւանը գրաւած է 170-րդ հորիզոնականը: Թիֆլիսը 187-րդ հորիզոնականին վրայ է, իսկ Պաքուն՝ 195: Հայաստանի հարաւային հարեւան Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանը 199-րդ հորիզոնականին է:

Վարկանիշը կը գլխաւորէ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննան, երկրորդ հորիզոնականին Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքն է, երրորդին՝ Գանատայի Վանքուվըր քաղաքը: Տասնեակին մէջ են նաեւ Միւնխենը, Օքլանտը, Տիւսըլտորֆը, Ֆրանքֆուրթը, Քոփընհակընը, Ժնեւը եւ Պազէլը:

Կեանքի որակով վատագոյն քաղաքը Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատն է:

Վարկանիշը կազմելու համար Mercer միջազգային խորհրդատուական ընկերութեան մասնագէտները հաշուի առած են բնակութեան պայմանները, սպառողական ապրանքներու առկայութիւնը, հասարակական փոխադրամիջոցը, ընկերային-քաղաքական եւ մշակութային վիճակը, զուարճանքներու առկայութիւնը, կրթութիւնը,  բնական պայմաններն ու տնտեսութեան վիճակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment