Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԱԹՕ-ն կը Շարունակէ Մնալ Հայաստանի Կարեւոր Գործընկերը. Պաշտպանութեան Նախարարութիւն

ՆԱԹՕ-ն կը Շարունակէ Մնալ Հայաստանի Կարեւոր Գործընկերը. Պաշտպանութեան Նախարարութիւն

by MassisPost

ՆԱԹՕ-ն կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կարեւոր գործընկերը: 10 Մարտին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, որ նուիրուած է ՆԱԹՕ-ի շաբթուան մեկնարկին, ըսած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան Պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանը:

Անոր խօսքով՝ համագործակցութիւնը բաւականին արդիւնաւէտօրէն կը շարունակէ զարգանալ շատ ոլորտներու մէջ: «Մեզ մօտ կան մի քանի ուղղութիւններ, որոնցով ՆԱԹՕ-ն մեզ փորձագիտական խորհուրդներ է տալիս»,- պարզաբանած է Այվազեանը:

Ան նաեւ շեշտած է, որ Հայաստանը ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցութիւնը պիտի շարունակէ նաեւ խաղաղապահ առաքելութիւններու շրջանակէն ներս, աւելցնելով, որ վերջինը պիտի շարունակէ նպաստէ Դաշինքի երկիրներու զինուած ուժերուն հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններու մեծացման:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment