Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Անվտանգութեան Համակարգը Պէտք է Պատրաստ Ըլլայ Արձագանգելու Սպառնալիքներուն. Վանեցեան

Մեր Անվտանգութեան Համակարգը Պէտք է Պատրաստ Ըլլայ Արձագանգելու Սպառնալիքներուն. Վանեցեան

by MassisPost

Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան մակարդակը ժամանակի որեւէ պահու չի կրնար նուազիլ, անիկա ամէն օր միայն պէտք է աճի: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Արցախ կատարած այցին վերաբերեալ ըսած է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառա-յութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ մամուլի մէջ լայն քննարկման առարկայ դարձած է Արցախի մէջ ըրած իր յայտարարութիւնները, արձագանգ եղած է նաեւ Ատրպէյ-ճանէն, Վանեցեան մեկնաբանած է, ըսելով,- «Ես մասնագէտ սպայ եմ, եւ իմ գործն անվտանգութեան ապահովելն է եւ թոյլ չտալը որեւէ ոտնձգութիւն Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համա-կարգի նկատմամբ: Սա յատկապէս կարեւոր է այն պայմաններում, երբ հարեւան երկրից ամենաբարձր մակարդակներով գրեթէ ամէն օր հիմնահարցի ռազմական ճանապար-հով լուծման, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառման յայտարա-րութիւններ են հնչում£ Բնականաբար, մեր անվտան-գութեան համակարգը պէտք է պատրաստ լինի արձագանգելու այս սպառնալիքներին£ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան մակարդակը ժամանակի որեւէ պահին չի կարող նուազել, այն ամէն օր միայն պէտք է աճի եւ սրան են ուղղուած մեր ջանքերըՙ:

Նշենք, որ Արցախի Հանրապետութիւն կատարած վերջին այցին ընթացքին՝ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան ըրած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Այն ծրագիրը, որն անուանում ենք վերաբնակեցման ծրագիր, իմ եւ մեր բոլորի առարկայական գնահատականով մեր երկրի անվտանգութեան հիմնական երաշխիքն է լինելու£ Որովհետեւ այն խօսքերը, այն արտայայ-տութիւնները եւ այն մարդիկ, որոնք միշտ շահարկում են թեման, թէ հողերը յետ են տալու, բանակցելու են, զիջելու են եւ այլն, այդ ծրագրի արդիւնքում մենք յստակ ուղերձ ենք տալու ողջ հայ ժողովրդին եւ ողջ աշխարհին, որ մենք ոչ մի թիզ հող յետ յանձնելու նպատակ չունենք, այլ ընդհակառակը, մեր հողերում պէտք է բնակուեն մեր հայրենակիցները եւ շէնացնեն մեր երկիրըՙ:

Յիշեցնենք, որ Արթուր Վանեցեանը Արցախի մէջ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ զինուորական հրամանատարութեան մասնակցութեամբ խորհրդակցութեան ժամանակ յայտարարած է Արցախի հարաւային սահմանին Արաքսաւանի կառուցման ծրագրի մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment