Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարտի 1-ի Տխուր Էջը Փակելու Ճանապարհին

Մարտի 1-ի Տխուր Էջը Փակելու Ճանապարհին

by MassisPost

Այս շաբաթ Հայաստանի մէջ կը նշուի 2008 թուականի Մարտի 1-ին Երեւանի սրտին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններու 11-րդ տարելիցը: Ընտրութիւններու արդիւնքները բողոքարկող խաղաղ ցուցարարներու դէմ օգտագործուած բռնի միջոցները խլեցին տասը անմեղ զոհեր, որոնց հարազատներն ու ժողովուրդը ընդհանրապէս, անցնող տասնամեակին կարողացաւ վառ պահել անոնց յիշատակը, միշտ հաւատալով, որ քաղաքացիներու վրայ կրակելու հրաման արձակողները, ուշ թէ կանուխ պիտի ենթարկուին պատասխանատուութեան:

Այդ օրերու իշխանութիւններուն առանցքային դէմքերը այժմ նստած են ամբաստանեալի աթոռին: Կը սպասուի որ յառաջիկայ ամիսներուն տեղի ունենան անոնց դատավարութիւնները:

Անցնող տարիներուն նախկին վարչակարգը ոչ մէկ քայլ առաւ արդար քննութիւն իրականացնելու ուղղութեամբ: Ընդհակառակը, ամէն ջանք թափուեցաւ հարցը ձգձգելու, փաստերը խեղաթիւրելու եւ ժողովուրդի յիշողութենէն ջնջելու նպատակաւ: Այս պատճառաւ ալ միշտ կը հնչէր այն տեսակէտը, որ «Մարտ 1-ը» կրնան բացայայտուիլ միայն այն պարագային, երբ Հայաստանի մէջ տեղի ունենայ իշխանափոխութիւն:

Նախկինները թէեւ վստահ էին, որ իրենց իշխանութիւնը յաւերժական է ու ոչ մէկ ուժ կրնայ սասանել իրենց աթոռները, սակայն ժողովրդային կամքի զօրութիւնը, յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները, անցեալ տարուայ Մայիսին իրականացուց երկար սպասուած իշխանափոխութիւնը:

Այս տարի «Մարտի 1»-ը տարբեր նշանակութիւն ունի Հայ ժողովուրդի համար: Սգալով հանդերձ զոհերու կորուստը, կայ նաեւ բաւարարութեան զգացում, որ վերջապէս երկրէն ներս հաստատուած է արդարութիւն եւ թափուած արիւնը ու բազում զոհողութիւնները ի զուր տեղ չեն վատնուած:

Համոզուած ենք որ, ամբաստանեալներուն պիտի տրուին պաշտպանութեան բոլոր միջոցներն ու իրաւունքները: Դատարաններու արձակած որոշումները, թ՛է ներքին հասարակութեան մօտ եւ թէ արտաքին աշխարհի առջեւ որեւէ կասկած պէտք չէ յառաջացնեն, որպէսզի կարելի ըլլայ Մարտի 1-ի տխուր էջը վերջնականապէս փակել ու զայն յանձնել մեր պատմութեան, յուսալով որ այսուհետեւ նման ողբերգութիւններէ հեռու կը պահուի մեր երկիրը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment