Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դեմոկրատներու Խճողուած Նախընտրական Դաշտը

Դեմոկրատներու Խճողուած Նախընտրական Դաշտը

by MassisPost

2020 Նոյեմբերին կայանալիք Ամերիկայի նախագահական ընտրարշաւը արդէն իսկ մեկնարկած է: Ճիշդ տարի մը ետք տեղի պիտի ունենան առաջին միջկուսակցական ընտրութիւնները: Բաւական մեծ թիւ կը կազմեն Դեմոկրատ կուսակցութեան ջահակիրը դառնալու ձգտող թեկնածուները: Ցարդ 12 յայտնի քաղաքական դէմքեր, որոնց մէջ հինգ ծերակուտական կանայք՝ Քամալա Հարրիս, Էլիզապէթ Ուորըն, Քրիսթիըն Ճիլիպրէնտ եւ Էյմի Քլոպաչար յայտարարած են ընտրութիւններուն մասնակցելու իրենց մտադրութեան մասին: Կը սպասուի որ այս թիւը բարձրանայ յառաջիկային: վերջին օրերուն իր թեկնածութեան մասին յայտարարեց ծերակուտական Պըրնի Սէնտըրզ, որ նախորդ ընտրութիւններուն Հիլըրի Քլինթոնի հիմնական մրցակիցն էր եւ իր յառաջդիմական գաղափարներով կարողացած էր համակիրներու մեծ բանակ ստեղծել իր շուրջ:

Այս անգամ սակայն, Սէնտըրզ որպէս մրցակից պիտի ունենայ բազմաթիւ այլ թեկնածուներ, որոնք որդեգրած են իր յառաջ մղած՝ ընկերային արդարութեան ձգտող ծրագիրները: Հետեւաբար հարցականի տակ է, եթէ ան պիտի կարողանայ նոյն յաջողութիւնները արձանագրել, եւ կամ, իր կողմնակիցներէն շատեր պիտի նախընտրեն իրենց գրաւը դնել աւելի երիտասարդ թեկնածուներու վրայ, նկատի ունենալով, որ Սէնտըրզ ընտրութիւններու օրը պիտի դառնայ 79 տարեկան:

Առաջատար թեկնածուներու շարքին կը դասուի նաեւ նախկին փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն, որ պաշտօնապէս չէ յայտարարած իր մասնակցութեան մասին: Պայտըն կը պատկանի չափաւորականներու խումբին եւ կը նկատուի ամենէն մեծ հաւանականութիւն ունեցող թեկնածուն : Սակայն, Պայտըն եւս տարիքային հարցը ունի եւ 2020-ին պիտի դառնայ 78 տարեկան:

Մեծ հետաքրքրութիւն կայ նաեւ երիտասարդ նախկին գոնկրէսական Պէթօ Օրուրքի անուան շուրջ: Ան անցնող Մայիսին շատ մօտ էր պարտութեան մատնելու Թետ Քրուզը՝ Թեքսասի ծերակոյտի աթոռին համար մղուող պայքարի ընթացքին, նահանգի մը մէջ, որ կը նկատուի հանրապետականներու ամրոցը:

Ով որ ալ յաղթական դուրս գայ Դեմոկրատներու խճողուած նախընտրական դաշտէն, մեծ հաւանականութիւն պիտի ունենայ պարտութեան մատնելու Տանոլտ Թրամփը, որու ժողովրդականութիւնը կը տատանի 40 տոկոսի շուրջ, ինչ որ պատմականօրէն խիստ անբաւարար է նախագահ վերընտրուելու համար:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment