Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԱԾ-ն Հրապարակած Է Սեդրակ Քոչարեանի Քրէական Գործի Մանրամասնութիւնները

ԱԱԾ-ն Հրապարակած Է Սեդրակ Քոչարեանի Քրէական Գործի Մանրամասնութիւնները

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի, երկրորդ պաշտօնաթող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի աւագ որդի՝ Սեդրակ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է խոշոր չափերու հարկեր չվճարելու եւ յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերուած եկամուտները օրինականացնելու յօդուածներով:

ԱԱԾ-ի տարածած հաղորդագրութիւնը Սեդրակ Քոչարեանի պաշտպանները դեռ չեն մեկնաբանած, մինչ այդ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեանը յայտնած է, որ Սեդրակ Քոչարեանը կը պատրաստուի դատի տալ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեանª իր անմեղութեան կանխավարկածը կոպտօրէն խախտելու համար:

Սեդրակ Քոչարեանը երկրորդ նախագահի ոչ պաշտօնական կայքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած էր, որ իրեն մեղադրանք առաջադրած են շինծու գործով մը:

ԱԱԾ-ն մասնաւորապէս յայտնած է, որ, ըստ իրենց ուսումնասիրութեան, Սեդրակ Քոչարեանը իր հիմնադրած ընկերութիւններէն մէկուն մէջ կազմակերպած եւ ղեկավարած է հարկման հաշուարկներուն մէջ ակնյայտ կեղծ տուեալներ մտցնելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով եկամտային հարկ չվճարելու գործընթաց, որմէ ետք, ցանկալով թաքցնել պետական պիւտճէ չվճարուած հարկի ծագման աղբիւրը, այն օրինականացուցած է շարք մը դրամատնային փոխանցումներ կատարելով:

ԱԱԾ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է՝ ի վերջոյ Սեդրակ Քոչարեանը պետական պիւտճէ չվճարուած հարկէն առաջացած գումարները միախառնած է իր դրամատնային հաշիւին եղած միլիոններուն հետ, անոնց օրինական տեսք տալու համար, եւ ի վերջոյ այդ եկամուտները ուղղած է Երեւանի «Պեսթ Ուեսթըրն Քոնկրես» հիւրանոցը ձեռք բերելուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment