Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Խնդիրը Կրնայ Շատ Վտանգաւոր Ըլլալ, Եթէ Ճիշդ Չկառավարուի. Արմէն Սարգսեան

Արցախի Խնդիրը Կրնայ Շատ Վտանգաւոր Ըլլալ, Եթէ Ճիշդ Չկառավարուի. Արմէն Սարգսեան

by MassisPost

Փոքր տարածաշրջանին մէջ, որ կը կոչուի Լեռնային Ղարաբաղ, որ մենք կ՛անուանենք Արցախի Հանրապետութիւն, սառեցուած հակամարտութիւնը քանի դեռ կարգաւորուած չէ, կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ, եթէ ճիշդ չկառավարուի: Ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը, այս մասին ըսած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ելոյթ ունենալով Գերմանիոյ Հայտելպըրկի համալսարանի ուսանողներու եւ դասախօսներու առջեւ:

«Ինծի համար չկայ այլ ուղի, քան հակամարտութիւնը կարգաւորել խաղաղ ճանապարհով: Ցանկացած այլ տարբերակ բոլորին համար պիտի ըլլայ բացարձակ կործանարար: Եւ այստեղ կարեւոր չէ, թէ որքան հզօր ես, սպառազինութեան վրայ որքան գումար կը ծախսես կամ որքան մեծ է բանակդ: Այս տարածքին մէջ կեդրոնացած են տարբեր հետաքրքրութիւններ, մարտահրաւէրներ: Սա իսկապէս տարբեր քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկ է: Տեսէք, թէ ինչ տեղի կ’ունենայ. Սուրիան, Մերձաւոր Արեւելքը շատ հեռու չեն, կամ Իրանը, Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Հայաստանը, Թուրքիան, Ռուսիան»,– ըսած է ան:

Ըստ Սարգսեանի` այստեղ նոյնիսկ ամենափոքր ապակայունացնող երեւոյթը շատ կործանարար պիտի ըլլայ: Ուստի կայ միայն մէկ ուղի` հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծումը:

Սարգսեան յոյսով է, որ հակամարտութեան կարգաւորումը հիմնուած պիտի ըլլայ բանականութեան, մարդկային արժէքներու վրայ: Ան նաեւ յոյսով է, որ վերջնական լուծումը պիտի ըլլայ` հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment