Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Freedom House. Հայաստանը 2018-ին Ժողովրդավարութեան Առումով Ամենամեծ Առաջընթացը Արձանագրած Երկիրներէն Է

Freedom House. Հայաստանը 2018-ին Ժողովրդավարութեան Առումով Ամենամեծ Առաջընթացը Արձանագրած Երկիրներէն Է

by MassisPost

«Freedom House» (Ազատութեան Տուն) իրավապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է աշխարհի մէջ ժողովրդավարական զարգացումներուն նուիրուած «Freedom in the World» զեկոյցը, ուր անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանին: «Արմէնբփրես»-ի հաղորդմամբ, զեկոյցին մէջ Հայաստանը դասուած է «Մասամբ ազատ» այն երկիրներու շարքին, որոնք 2018 թուականին զգալի յառաջընթաց արձանագրած են ժողովրդավարութեան առումով:
Ընդհանուր առմամբ, գնահատելով ժողովրդավարութեան մակարդակը 25 տարբեր չափորոշիչներով՝ Freedom House-ը Հայաստանի մէջ 2018-ին 6 միաւորի առաջընթաց արձանագրած է: Ըստ այդմ, Հայաստանը այս անգամ ստացած է 100 հնարաւորէն 50-ը՝ նախորդ տարուան 44-ի փոխարէն: Սա, ըստ փորձագէտներու, ամենանշանակալի առաջընթացներէն մէկն է աշխարհի մէջ:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ նախորդ տարի Հայաստանի մէջ բազմաթիւ քաղաքացիներ դուրս եկած էին փողոց այդ ժամանակուան իշխանութիւններուն դէմ բողոքի ցոյցերով: Կը նշուի, որ շարունակուող բողոքի ցոյցերը յանգեցուցած էին խորհրդարանի կողմէ վարչապետ ընտրուած Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին, որու արդիւնքով շարժումը գլխաւորող Նիկոլ Փաշինեանը դարձած է վարչապետ: ՚Ամիսներ անց, երբ Դեկտեմբերին տեղի ունեցան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած ՚Իմ քայլըՙ դաշինքը յաղթեց: Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը խոստացած է աջակցիլ փտածութեան դէմ պայքարին, թափանցիկ աշխատելաոճին, հաշուետուողականութեան»,-ըսուած է զեկոյցին մէջ:

Դիտարկելով հայաստանեան զարգացումները՝ կազմակերպութիւնը նշած է՝ սա պայծառ շող էր աշխարհի մէջ՝ ժողովրդավարութեան գլխուն կուտակուող մռայլ միջավայրին մէջ:

Տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի հետ միասին նաեւ Վրաստանը «մասամբ ազատ» երկիրներու շարքին մէջ, իսկ Թուրքիան, Իրանը եւ Ատրպէյճանը, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանը, կը դասուին «ոչ ազատ» երկիրներու շարքին:

2018 թուականին ժողովրդավարութեան առումով յառաջընթաց արձանագրած երկիրներէն են նաեւ Անկոլան, Էքուատորը, Եթովպիան, Մալայզիան: Դիտարկուած 195 երկիրներու շարքին ազատութեան առումով ամենաբարձր գնահատականը ստացած են Նորվեկիան, Շուէտը, Ֆինլանտան, ամենաանազատներն են Սուրիան, Հարաւային Սուտանը, Թուրքմէնստանը, Հիւսիսային Քորէան, Տաճիկստանն ու Ուզպէքիստանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment