Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արտաքին Գործոց Նախարար Մնացականեանը Պարզաբանած է Փաշինեանի Պերլինեան Յայտարարութիւնը

Արտաքին Գործոց Նախարար Մնացականեանը Պարզաբանած է Փաշինեանի Պերլինեան Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը  լրագրողներու հարցին ի պատասխան պարզաբանած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Գերմանիոյ մէջ ըրած այն յայտարարութիւնը, թէ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ունի երեք կողմ:

Ըստ Զոհրապ Մնացականեանի, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել ոչ թէ բառակապակցութիւններուն, այլ էութեան:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ համատեղ ասուլիսին Փաշինեանը խօսած էր ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած երեք կողմերու մասին․ – «Ինչ վերաբերում է բուն կարգաւորմանը, կարծում եմ, համանախագահող երկրները, նաեւ միջազգային հանրութիւնը յստակ արձանագրել է, որ լուծման խնդիրը հենց հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած երեք կողմերի օրակարգի հարցն է: Եւ միջազգային հանրութիւնը չի կարող հակամարտութեան երեք կողմերի փոխարէն լուծել հակամարտութիւնը»:

Լրագրողներու յամառ հարցերուն, թէ որոնք են հակամարտութեան կողմերը, Մնացականեանը արձագանգած է․ – «Դուք, խնդրում եմ, աւելի ուշադրութիւն դարձրէք էութեանը: Որովհետեւ, եթէ բառակապակցութիւններին էք կպնում․․․ Պարոն Փաշինեանը ասել է այն, ինչ ոչ ասել է․․․ Կայ երեք կողմ: Հայաստանը ունի իր մասը, Հայաստանը երաշխաւորն է Ղարաբաղի անվտանգութեան, Հայաստանը մասնակցում է բանակցութիւններին, Հայաստանը շարունակելու է այդ ամէնը անել»:

Անցած շաբաթ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած էր Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ իր կառավարութիւնը չի կրնար նոյնիսկ քննարկել «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը։ Պաշտօնական Պաքուն Փաշինեանի այդ տրամաբանութիւնը անհասկնալի որակած էր՝ պնդելով, թէ «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիի ներքոյ իրականացուող բանակցութիւններու հիմքը ինկած է հայկական ուժերու դուրսբերումը Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն»:

«Այս պարագայում հարց է առաջանում՝ արդեօ՞ք Փաշինեանի այդ յայտարարութիւնը չի նշանակում բանակցութիւններից հրաժարում», – ընդգծած էր Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Հայաստանի արտգործնախարար Զոհրապ Մնացականեանը, ի պատասխան այս յայտարարութեան, շեշտեց, որ Հայաստանը շարունակում է իր աշխատանքները:

Հարցին, թէ երբ կը նախատեսուի Իլհամ Ալիեւ – Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական հանդիպումը, Զոհրապ Մնացականեանը կարճ արձագանգած է՝ պաշտօնական հանդիպման համար չշտապենք․ – «Շատ էական է, որպէսզի մենք շարունակենք կառուցել էս գործընթացը այնպէս, որ մենք յոյս ունենանք, որ կարողանանք արդիւնք ունենալ: Ժամկէտային հարցերը նշանակութիւն ունեն, բայց առաջնայինը՝ վստահ լինել, որ յաջորդ քայլը նախապատրաստես այնպէս, որպէսզի մենք տինամիքան կարողանանք պահպանել»:

«Ազատութեան» հարցին, թէ կը պահպանուի արդեօք այդ կառուցողական մթնոլորտը, արտաքին գործոց նախարարը պատասխանած է․ – «Յոյսով եմ, որ չեմ սխալւում, որ այո»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment