Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարեւոր Յայտարարութիւն – Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի

Կարեւոր Յայտարարութիւն – Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի

by MassisPost

Ուրախ ենք յայտարարելու, որ Երեքշաբթի, Յունուար 29, 2019-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմը ի գործ դրաւ իր իրաւունքը՝ գնելու 930 Progress Avenue, Scarborough, ON-ի վրայ գտնուող Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ)-ի շէնքը:

Նոյեմբեր 11, 2018-ի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ընդհանուր Անդամական յատուկ ժողովը գումարուեցաւ հովանաւորութեամբ՝ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի: Սոյն ժողովը յանձնառու դարձուց Ծխական Խորհուրդի կողմէ նշանակուած յանձնախումբը, «ՀԲԸՄ Արմէն Օնթարիոյի եւ Centennial College-ի միջեւ առ ու ծախի համաձայնութեան գծով ապահովելու պէտք եղած գումարը եւ մինչեւ 29 Յունուար 2019 իրագործելու կառոյցը գնելու իր առաջին իրաւունքը»:

Նշանակուած յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Գանատահայոց Թեմի Փոխ-Առաջնորդ եւ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, կը բաղկանան հետեւեալներէն. Օհան Օհաննէսեան՝ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ, Ռոզին Իմաստունեան՝ Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի, Ժագ Ստեփանեան՝ ատենապետ Հոգաբարձութեան եւ նախկին ատենապետ Թեմական Խորհուրդի, Արա Պոյաճեան՝ նախկին ատենապետ Թեմական Խորհուրդի եւ Եկեղեցւոյ Շինութեան Յանձնախումբի:

Յետ երկարատեւ եւ մանրակրկիտ աշխատանքի, Յունուար 23, 2019-ին, Յանձնախումբը Ծխական Խորհուրդին, Եկեղեցւոյ Պատգամաւորներուն, Թեմական Խորհուրդին եւ Թեմական Կալուածոց Մարմնին ներկայացուց իր ուսումնասիրութեան արդիւնքները եւ թելադրութիւնները եւ ստացաւ ներկաներու բացարձակ համաձայնութիւնը ձեռք բերուած արդիւնքները փոխանցելու Եկեղեցւոյ Անդամական յատուկ ժողովին:

Յանձնախումբը կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ ամբողջացնելու վերոյիշեալ գնման ծրագիրը մինչեւ Փետրուար 28, 2019: Մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացուին յառաջիկային գումարուելիք եկեղեցւոյ տարտու անդամներու յատուկ ժողովի ընթացքին:

ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ, Հայց. Առաք. Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի
ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
ԿԱԼՈՒԱԾՈՑ ՄԱՐՄԻՆ, Հայց. Առաք. Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի
Յունուար 29, 2019 – Թորոնթօ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment