Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Բաւարարուած է Մերքէլի Հետ Բանակցութիւններու Արդիւնքէն

Փաշինեանը Բաւարարուած է Մերքէլի Հետ Բանակցութիւններու Արդիւնքէն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը բաւարարուած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ բանակցութիւններու արդիւնքներէն։ Այդ մասին Փաշինեանը յայտարարած է հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։

«Կարող ենք արձանագրել, որ այս պահին գոնէ ես բաւարարուած եմ մեր քննարկումների արդիւնքներից, բանակցութիւնների արդիւնքներից, եւ կարող ենք արձանագրել, որ Հայաստանի եւ Գերմանիայի յարաբերութիւնների յետագայ զարգացման համար ոչ միայն խոչընդոտներ չկան, այլեւ կարծես թէ կայ փոխադարձ հետաքրքրութիւն այդ յարաբերութիւններին նոր ազդակ, նոր թափ հաղորդելու, եւ ես համոզուած եմ, որ այդպէս էլ տեղի կ’ունենայ», – ըսած է Փաշինեանը։

Վարչապետը նշած է, որ քննարկած են երկկողմ հարցերուն վերաբերող լայն շրջանակ, այդ շարքին՝ առանձնայատուկ կարեւորութիւն ստացած է տնտեսական համագործակցութեան թեման։

Վարչապետը նշած է, որ խօսած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու մասին։

«Ըստ էութեան խօսեցինք նաեւ տարածաշրջանային իրավիճակի մասին, միջազգային օրակարգին վերաբերող հարցերից, եւ ուրախ եմ արձանագրել, որ մենք այդ հարցերի վերաբերեալ ունենք փոխադարձ ըմբռնում։ Իհարկէ մեր տարածաշրջանում կայունութեան եւ խաղաղութեան հարցերը չափազանց կարեւոր են, բայց իհարկէ նաեւ կարեւոր է արձանագրել, որ այդ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը պէտք է լինեն բազմակողմ ջանքերի արդիւնք։

Մենք խօսել ենք նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ընթացիկ իրավիճակի վերաբերեալ եւ այս արձանագրումը նոյնպէս այդ համաթեքսթում արուել է, որ պէտք է լինի գործընթացը երկկողմանի եւ չի կարող այդ գործընթացը տեղի ունենալ միակողմանիութեան տրամաբանութեան մէջ», -ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

pashinyan-merkel-berlin-1

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնբրես»-ի թղթակիցը Պերլինէն, Մերքէլ իր նստավայրին մէջ զինուորական պատիւներով ընդունած է Հայաստանի վարչապետը: Ձեռքսեղմումէն, պատուիրակութիւններուն ողջունելէ ետք հնչած են երկու պետութիւններու պաշտօնական օրհներգերը, ՀՀ վարչապետն ու Գերմանիոյ վարչապետը կատարած են պատուոյ պահակախումբի ստուգայց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment