Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան SU-30 Կործանիչներ Վաճառած է Երեւանին Ռուսաստանի Ներքին Գիներով

Մոսկուան SU-30 Կործանիչներ Վաճառած է Երեւանին Ռուսաստանի Ներքին Գիներով

by MassisPost

Ռուսաստանը Հայաստանին վաճառած է չորս  SU-30 կործանիչներ՝ Ռուսաստանի ներքին գիներով, գրած է ռուսաստանեան «Քոմերսանթ» պարբերականը՝ «Ռուսաստանը Հայաստանին կործանիչներ վաճառած է, ինչպէս ինքն իրեն» վերնագրով յօդուածին մէջ։

Մոսկուան ու Երեւանը չորս  կործանիչներու վաճառքի մասին պայմանագիր կնքած են, Հայաստանը այդ կործանիչները պիտի ստանայ արդէն 2020 թուականին, գրած է թերթը։ «Քոմերսանթի» տեղեկութիւններով, համաձայնագիրը կնքելու համար Ռուսաստանը գացած է լուրջ զիջումներու՝ ոչ միայն վարկ կնքած է, այլ նաեւ կործանիչները վաճառած է ներքին գիներով։

Գործարքը շատ կարեւոր է հայկական կողմին համար, քանի որ տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ Երեւանը ձեռք բերած է բոլորովին նոր, արդիական ռազմական օդանաւեր։

«Քոմերսանթը» գրած է, որ գործարքի մասին երէկ յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, սակայն այդ տեղեկութիւնը մեկնաբանելու՝ «Ազատութեան» խնդրանքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը արձագանգած էր՝ ինչպէս յայտարարած է պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, մենք կ’աշխատինք SU-30-ներու ձեռք բերման ուղղութեամբ, երբ որ կ’ըլլան առարկայական արդիւնքներ, մենք անոնց մասին պիտի յայտարարենք։

«Քոմերսանթ»ը գրած է, որ գործարքը Ռուսաստանը Հայաստանի հետ կնքած է ՀԱՊԿ-ի շրջանակէն ներս եւ հայկական կողմը կրցած է այդ կործանիչները ձեռք բերել Ռուսաստանի ներքին գիներով, ինչպէս նաեւ պայմանաւորուած է, որ հայ օդաչուներն ու մասնագէտները համապատասխան վերապատրաստում պիտի անցնին Ռուսաստանի ռազմական կառոյցներուն մէջ։

Ռուսական թերթը նաեւ գրած է, որ կործանիչները ձեռք բերելու մասին Հայաստանը պայմանաւորուած է Ռուսաստանի հետ դեռ 2012 թուականին, սակայն ֆինանսական խնդիրներու պատճառով գործարքը, որմով Երեւանը կ’ուզէր ձեռք բերել 12 կործանիչ, չէր կայացած։ Ռուսական կործանիչներ ձեռք բերելու հարցին Երեւանն ու Մոսկուան վերադարձած են արդէն 2018 թուականի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք։ Թերթը գրած է, որ այս հարցը Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարները քննարկած են սեպտեմբերին կայացած հանդիպման ժամանակ, հայկական կողմը ուզած էր ձեռք բերել 6 կործանիչ, սակայն համաձայնած են 4-ի շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment