Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանին Յատկացուած Աւելի Քան 730 Միլիոն Եւրոյի Ծրագրի Իրականացումը «կը Մերձեցնէ Երեւանն ու Պրիւքսէլը»

Հայաստանին Յատկացուած Աւելի Քան 730 Միլիոն Եւրոյի Ծրագրի Իրականացումը «կը Մերձեցնէ Երեւանն ու Պրիւքսէլը»

by MassisPost

Եւրոմիութեան ու Համաշխարհային դրամատան կողմէ Հայաստանին յատկացուած աւելի քան 730 միլիոն եւրոյի ծրագրի իրականացումը կը մօտեցնէ Երևանն ու Պրիւքսէլը՝ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին:

«Օրեր առաջ Եւրոմիութիւնն ու Համաշխարհային դրամատունը յայտարարեցին ենթակառուցուածքային մեծ ծրագրի՝ TEN-T-ի մասին, որու նպատակն է բարելաւել հաղորդակցական, փոխադրական ենթակառուցուածքները Արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Սա շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն է, որ կ’օգնէ խթանելու տնտեսութիւնը, բարելաւելու՝ կեանքի որակն ու հաղորդակցութիւնը: Հաղորդակցութիւնը Եւրոմիութեան ռազմավարական նպատակներէն է: Կ’ուզենք, որ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները աւելի լաւ կապուած ըլլան, եւ յոյսով եմ, որ այս ծրագրի իրականացումը իրական օգուտներ կը բերէ նաեւ Հայաստանին: Այս ծրագիրը տպաւորիչ գումար կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ իրականացուելիք նախագիծերու համար: Թոյլ տուէք նշել, որ TEN-T-ի ծրագրին մէջ տեղ գտած նախագիծերը ընտրուած են թեխնիքական չափորոշիչներու հիման վրայ, ինչը կը նշանակէ, որ որոշիչ եղած է տուեալ երկրի կարիքը, ծրագրերը, թէ որքան ճկուն է կառավարութիւնը ծախսեր ընելու ժամանակ, եւ ծրագրերու հասունութիւնը: Այս ծրագրին մէջ քաղաքական որեւէ տարր չկայ: Այս ծրագիրը կազմուած է՝ հիմք ընդունելով տնտեսական, նիւթական եւ թեխնիքական չափորոշիչները», – մանրամասնած է դեսպանը:

«Որոշ ծրագրեր արդէն կեանքի կոչուած են Հայաստանի մէջ: Թոյլ տուէք ընդգծել, որ Եւրոմիութիւնը էական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ «Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքին: Եւրոմիութիւնը աւելի քան 10 միլիոն եւրօ դրամաշնորհ յատկացուցած է, ինչպէս նաեւ աւելի քան 60 միլիոն եւրօ վարկ՝ Ներդրումներու եւրոպական դրամատունէն: Ներկայիս իրականացուող մէկ այլ ծրագիր է Վանաձորէն, Ալավերդիի մօտէն մինչեւ Վրաստանի հետ սահման վերանորոգուող ճանապարհը, եւ այս ծրագրին արդէն իսկ յատկացուած է աւելի քան 30 միլիոն եւրօ վարկ, բացի այդ պիտի տրուի 5 միլիոն եւրօ դրամաշնորհը: Տեղեակ էք, որ մեր առաջնահերթութիւններու ցանկին այլ նախագիծեր ալ կան, օրինակ Մեղրիի անցակէտի կառուցումը: Եւրոմիութիւնը արդէն յատկացուցած է աւելի քան 10 միլիոն եւրօ՝ օգնելու Հայաստանին բարելաւելու սահմանահատումներու կառավարման որակը: Այժմ մենք ուշադրութիւն կը դարձնենք հարաւային սահմանին: Վստահ եմ, որ հաղորդակցութեան այս հսկայական ծրագիրը իրար պիտի մօտեցնէ Հայաստանը ու Եւրոմիութիւնը», – նշած է Հայաստանի մէջ Եւրամիութեան պատուիրակութեան ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment