Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յովիկ Աբրահամեանը Հրաւիրուած է Քննչական Կոմիտէ

Յովիկ Աբրահամեանը Հրաւիրուած է Քննչական Կոմիտէ

by MassisPost

Օրերս ՀՀ քննչական կոմիտէ հրաւիրուած եւ բացատրութիւն տուած է ՀՀ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը։ Այս տեղեկութիւնը NEWS.am–ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած են ՀՀ քննչական կոմիտէէն։

Նախկին վարչապետը բացատրութիւն տուած է ՀՀ քննչական կոմիտէի կողմէ յարուցուած՝  Հրազդանի անտառային ֆոնտի հողերու սեփականաշնորհման ընթացքին յայտնաբերուած ենթադրեալ կաշառակերային դրսեւորումներու վերաբերեալ քրէական գործի շրջածիրէն ներս։

Յովիկ Աբրահամեանէն բացի, Քննչական Կոմիտէին բացատրութիւն տուած է նաեւ «Հայանտառ» Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան (ՊՈԱԿ) նախկին տնօրէն Մարտուն Մաթեւոսեանը։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ քննչական կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով (ՅԿԳ)  քննութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ՝ անտառային ֆոնտի հողերէն աւելի քան 50 հեքթար հողատարածքի սեփականաշնորհման ընթացքին պաշտօնատար անձանց կողմէ պաշտօնէական դիրքը չարաշահելու դէպքի առթիւ։

Կատարուած հետաքննութեամբ պարզուած էր, որ գործարքներու արդիւնքով հողակտորներ ձեռք բերած են նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, «Հայանտառ» ՊՈԱԿ-ի նախկին տնօրէն Մարտուն Մաթեւոսեանը, քննչական կոմիտէի նախկին նախագահ Աղուան Յովսէփեանի որդին, ԱԺ նախկին պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանի եղբայրը, ԱԺ նախկին պատգամաւոր Ռուբիկ Յակոբեանի կինը, Հրազդան համայնքի նախկին ղեկավար Արամ Դանիէլեանի կինը, Արամ Դանիէլեանի նախկին խորհրդականի որդին, Կոտայքի նախկին մարզպետ Քովալենքօ Շահկալտեանի մերձաւորները, ԱԺ նախկին պատգամաւոր Յարութիւն Ղարագէօզեանի կինը, բռնցքամարտիկ Արթուր Աբրահամի հետ կապ ունեցող անձինք, Դանիայի Թագաւորութեան մօտ ՀՀ նախկին դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեանը եւ այլք:

Յիշեցնենք, որ քննչական կոմիտէի կողմէ  նիւթերու նախապատրաստման ընթացքին ձեռք բերուած են բաւարար փաստական տուեալներ՝ ՀՀ կառավարութեան՝ 2007 թուականի 5 Ապրիլին թիւ 422-Ն որոշման ընդունման ընթացքին շարք մը պաշտօնատար անձանց կողմէ, խմբային շահերէ ելլելով, պաշտօնէական դիրքը ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելու կամ ծառայողական պարտականութիւնները չկատարելու վերաբերեալ, ինչը անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ, ուստի եւ՝ ՀՀ Քննչական Կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment