Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մանուէլ Գրիգոեանը Տեղափոխուած է «Երեւան-Կեդրոն» Կալանավայր

Մանուէլ Գրիգոեանը Տեղափոխուած է «Երեւան-Կեդրոն» Կալանավայր

by MassisPost

ՀՀ Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ) նախկին նախագահ Մանուէլ Գրիգորեան տեղափոխուած է «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկ:

ՀՀ վերաքննիչ դատարանը որոշում կայացուցած էր բաւարարելու Մանուէլ Գրիգորեանի գրաւով ազատ արձակելու առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ Գլխաւոր դատախազութեան բողոքը:

Դեկտեմբեր 21-ին, Մանուէլ Գրիգորեանը՝ 25 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց՝ կալանքէ ազատ արձակուած էր: Դեկտեմբեր 24-ին, Դատախազութիւնը վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած էր Մանուէլ Գրիգորեանի խափանման միջոցի փոփոխութեան դէմ: Մանուէլ Գրիգորեանին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի 2-րդ մասով՝ ապօրինի կերպով ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ պահելու համար, ինչպէս նաեւ քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով՝ խումբ մը անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ իւրացման եղանակով իր վստահութեան յանձնուած առանձնապէս խոշոր չափերով ուրիշի գոյք յափշտակելուհամար:

Յունիս 16-ին, Մանուէլ Գրիգորեանը ձերբակալուած էր, ապա՝ Յունիս 19-ին, Ազգային ժողովի պատգամաւորներու քուէարկութեամբ, զրկուած պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն ու դատարանի որոշումով՝ կալանաւորուած: Կալանքի տակ գտնուելու ընթացքին՝ պատգամաւորի պաշտպանները բազմիցս բարձրաձայնած են անոր առողջական խնդիրներուն մասին՝ նշելով, որ իրենց պաշտպանեալի կեանքին վտանգ կը սպառնայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment