Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նշանակուեցան Հայաստանի Նոր Կառավարութեան 12 Նախարարները

Նշանակուեցան Հայաստանի Նոր Կառավարութեան 12 Նախարարները

by MassisPost

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով նշանակուեցան Հայաստանի նոր կառավարութեան 12 նախարարները` հիմնուելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկութիւններուն վրայ:

Զոհրաբ Մնացականեան նշանակուեցաւ Արտաքին գործոց նախարար
Դաւիթ Տոնոյեան` Պաշտպանութեան նախարար
Ֆելիքս Ցոլակեան` Արտակարգ իրավիճակներու նախարար
Ատոմ Ջանջուղազեան` Ֆինանսներու նախարար
Տիգրան Խաչատրեան` Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար
Յակոբ Արշակեան` Տրանսպորտի, կապի եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու նախարար
Էրիկ Գրիգորեան` Բնապահպանութեան նախարար
Արտակ Զէյնալեան` Արդարադատութեան նախարար
Արսէն Թորոսեան` Առողջապահութեան նախարար
Զարուհի Բաթոյեան` Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար
Սուրէն Պապիկեան` Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար
Արայիկ Յարութիւնեան` Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար

Բոլոր նորանշանակ նախարարները, բացառութեամբ Զարուհի Բաթոյեանի, մաս կը կազմէին նախորդ կառավարութեան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ իշխանութիւնը միտքը չէ փոխած, նախարարութիւններու թիւը կրճատուելու կապակցութեամբ: Սակայն, քանի տակաւին քննարկման տակ է կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններու հարցը, նշանակուած է կառավարութեան անդամներու երկու երրորդը, որպէսզի գործադիր մարմինը ըստ օրէնքի ձեւաւորուած Նկատուի: Կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութեան մասին օրէնքի նախագծով կը նախատեսուի 17 նախարարութիւններէն պահել միայն 12-ը:

Փաշինեան Ֆեյսպուքեան ուղիղ եթերով անդրադառնալով կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններուն, կարծիք յայտնեց, որ նախարարութիւններու մեծ թիւը աւելի մեծ կոռուպցիոն ռիսկեր կը պարունակէ:

«Միջազգային չափանիշներով ընդունուած է, որ կառավարման համակարգում, եւ ընդհանրապէս՝ ոչ միայն պետական, այլեւ կառավարման համակարգում, լինի 9-11 աշխատողին մէկ ղեկավար: Մեր պետական կառավարման համակարգում 3,5-3,6 աշխատողին մէկ ղեկավար է ընկնում: Սրա արդիւնքում մենք ունենք այսպիսի իրավիճակներ, երբ, օրինակ, կան բաժիններ, օղակներ, որտեղ կան ղեկավարներ, բայց չկան, այսպէս ասած, ենթականեր: Օրինակ՝ բաժիններ նախարարութիւններում, որտեղ կայ բաժնի պետ եւ բաժնի պետի տեղակալ, բայց աշխատող չկայ», – ըսաւ վարչապետը:

«Սա արուած է տարբեր պատճառներով՝ որովհետեւ բաժնի պետի աշխատավարձը աւելի բարձր է, տեղակալի աշխատավարձը աւելի բարձր է, բայց սրանից բխում են նաեւ յաւելեալ ծախսեր եւ, ի հարկէ, անարդիւնաւէտութիւն, որովհետեւ պարզւում է, որ ղեկավարողներն աւելի շատ են, քան՝ աշխատողները», աւելցուց Փաշինեան:

Կառավարութեան ղեկավարը անդրադարձաւ նաեւ Սփիւռքի նախարարութիւնը լուծարելու հարցին, որու շուրջ քննադատութեան ալիք բարձրացած է: Ան յայտնեց, որ կը նախատեսուի Սփիւռքի նախարարութեան առանցքային աշխատակիցները տեղափոխել վարչապետի աշխատակազմ եւ վարչապետի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանը կը զբաղուի անոնց աշխատանքներու համակարգմամբ:

«Սփիւռքի նախարարութիւնը զբաղւում է Սփիւռքի կրթութեան հարցերով, բայց դրանով զբաղւում է նաեւ Կրթութեան նախարարութիւնը: Սփիւռքի նախարարութիւնը զբաղւում է Սփիւռքի մշակութային հարցերով, բայց դրանով զբաղւում է նաեւ Մշակոյթի նախարարութիւնը: Սփիւռքի նախարարութիւնը զբաղւում է Սփիւռքի տնտեսական հարցերով, բայց դրանով զբաղւում է նաեւ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումների նախարարութիւնը: Սփիւռքի նախարարութիւնը զբաղւում է Սփիւռքին միջազգային հարցերում ներգրաւելու հարցերով, բայց դրանով զբաղւում է նաեւ Արտաքին գործերի նախարարութիւնը», – շեշտեց Նիկոլ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment