Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. «Մենք Ձախողելու Իրաւունք Չունինք»

Փաշինեան. «Մենք Ձախողելու Իրաւունք Չունինք»

by MassisPost

Ինչպէս եւ ինչու տեղի ունեցաւ հայաստանեան յեղափոխութիւնը, ինչ փոխուեցաւ իշխանափոխութենէն ետք եւ ուր կ’երթայ նոր Հայաստանը. Տաւոսի համաշխարհային համաժողովի կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ այս հարցերու շուրջ կը խօսի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ այս կիրակի առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի հեղինակաւոր այդ միջոցառման։

Իր հեղինակած ծաւալուն յօդուածին մէջ վարչապետը ընդգծած է՝ անցեալ տարի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները իրենց տեսակով եւ բնոյթով պատմական են:

«Թաւշեայ յեղափոխութեամբ մեր երկրում ժողովրդավարութիւն հաստատուէց»- գրած է Նիկոլ Փաշինեանը, աւելցնելով, որ շարժումը միաւորած է ոչ միայն հայաստանցիները, այլ նաեւ սփիւռքի մէջ ապրող հայերը:

«Դա բացարձակ ոչ բռնի, առանց զոհերի յեղափոխութիւն էր. սէրը, եղբայրութիւնը, հանդուրժողականութիւնը հայկական ազգային շարժման կարգախօսն էին»,- յիշեցուցած է այդ շարժումը առաջնորդած Փաշինեանը:

Միջազգային ամենահեղինակաւոր հարթակներէն մէկուն մէջ հրապարակուած այդ յօդուածին մէջ Հայաստանի առաջնորդը հերթական անգամ յայտարարած է, որ հայաստանեան ներքին փոփոխութիւնները չեն անդրադարձած երկրի արտաքին քաղաքականութեան վրայ, պաշտօնական Երեւանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր միջազգային պարտաւորութիւններուն, աւելին` Փաշինեանի համոզմամբ՝ ժողովրդավարական Հայաստանը այժմ աւելի մեծ ներդրում կրնայ ունենալ ռազմաքաղաքական ու տնտեսական դաշինքներուն մէջ, որոնց կ’անդամակցի:

Անգլիալեզու իր յօդուածին մէջ Հայաստանի նորընտիր ղեկավարը, խօսելով հայաստանեան համաժողովրդական շարժման դրդապատճառներուն մասին, գրած է. – «1988 թուականին Հայաստանը եղել է առաջին երկրներից մէկը, որը խարխլել է քոմունիսթական ռեժիմի հիմքերը՝ համազգային ժողովրդական շարժման միջոցով»:

«Երկրորդ՝ Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող, սահմանափակ բնական ռեսուրսներով ու բարդ աշխարհաքաղաքական տարածաշրջանում գտնուող երկիր է, որը անվտանգութեան լուրջ մարտահրաւէրներ ունի»,- թուարկած է Հայաստանի ղեկավարը աւելցնելով նաեւ նախկին ռեժիմն ալ իր հերթին երկիրը փակուղի մտցուցած է: Միակ ելքը ժողովրդավարութեան հաստատումն էր, իսկ անոր հասնիլը, Փաշինեանի խօսքերով, ժամանակ ու մտածողութեան փոփոխութիւն կը պահանջէր։ – «Առաջին քայլերն արուած են»,- փաստած է Հայաստանի առաջնորդը։ – «Ժողովրդի աննախադէպ աջակցութեամբ Հայաստանի օրինական կառավարութիւնը հաստատեց բարեփոխումների յաւակնոտ ծրագիրը՝ կաշառակերութեան դէմ պայքար, մենաշնորհների վերացում, տնտեսական ու քաղաքական հաւասար մրցակցութեան ապահովում, աղքատութեան յաղթահարում, անկախ դատական համակարգ»։

Եզրափակելով յօդուածը՝ Նիկոլ Փաշինեանը գրած է․ – «Մենք վճռական ենք՝ հասնելու մեր վերջնական նպատակին՝ ունենալ կայուն, ժողովրդավարական եւ տնտեսապէս զարգացող երկիր` հիմնուած օրէնքի գերակայութեան եւ հաշուետու կառավարման սկզբունքների վրայ: Մենք ձախողուելու իրաւունք չունենք: Մենք պարտաւոր ենք արդարացնել մեր ժողովրդի վստահութիւնը եւ պաշտպանել ժողովրդավարութիւնը»։

Փաշինեան իր ֆէյսպուքեան էջին գրառում ընելով, տեղեկացուցած է, որ միջոցառման մասնակցելու նպատակով կիրակի պիտի մեկնի Զուիցերիական Տաւոս, ուր այս տարի քննարկման գլխաւոր թեմաներէն պիտի ըլլան նոր ճարտարարուեստի զարգացման դարաշրջանին միջազգային համագործակցութեան, Եւրոմիութեան տնտեսական զարգացման վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment