Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրապարակուած է Հայաստանի Մասին Պատմող Թրքերէն Առաջին Ճամբորդական Ուղեցոյց

Հրապարակուած է Հայաստանի Մասին Պատմող Թրքերէն Առաջին Ճամբորդական Ուղեցոյց

by MassisPost

Վերջերս Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Հայաստանի մասին պատմող առաջին ամենածաւալուն թրքերէն ճամբորդական ուղեցոյցը։ «Հայաստանի ուղեցոյց» նախագիծին ղեկավարն է Ալին Օզինեան։ Ըստ «Ակօս»-ի՝ նախագիծը կեանքի կոչուած է «Աջակցութիւն Հայաստան–Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին» ծրագիրին, Եւրոմիութեան եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ։

«Հայաստանի ուղեցոյցը» ուշադրութիւն կը գրաւէ յատկապէս անոր համար, որ այս գրքոյկին մէջ Հայաստանի տեսարժան վայրերու եւ դէպի Հայաստան հնարաւոր ուղեւորութիւններու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուած են Թուրքիոյ մէջ բնակողներու համար։ Անիկա նպատակ ունի հնարաւորինս դիւրացնելու Թուրքիայէն Հայաստան մեկնիլ փափաքողներուն ուղեւորութիւնը։ Գրքոյկին կից նախապատրաստուած է նաեւ հայերէն զրուցարան, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ հայերէն խօսիլ ուղղողներուն կամ անոնց, որոնք թրքերէնէն բացի որեւէ այլ լեզուով չեն կրնար հաղորդակցուիլ, սորվելու որոշ հայերէն արտայայտութիւններ, որոնք կրնան անհրաժեշտ ըլլալ Հայաստանի մէջ ուղեւորութեան ընթացքին։

Ուղեցոյցին մէջ ներառուած են Հայաստանը ներկայացնող հիասքանչ լուսանկարներ, իսկ յօդուածներու հեղինակներու շարքին տեղ գտած են պոլսահայ անուանի լեզուաբան Սեւան Նշանեանը, Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Էդուարդ Տանձիկեանը, նախագիծի ղեկավար, պոլսահայ լրագրող Ալին Օզինեանը։ «Հայաստանի ուղեցոյցը» հասանելի է համացանցի վրայ, զայն կարելի է նաեւ անվճար ներբեռնել համակարգիչներու եւ հեռախօսներու վրայ՝ PDF տարբերակով։

«Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցի կիրառման հետեւանքով հայ-թրքական սահմանին փակ ըլլալուն եւ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պատճառով՝ Հայաստանի մէջ չկայ Թուրքիոյ դեսպանատուն կամ հիւպատոսարան, որուն իբրեւ արդունք՝ կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ Թուրքիոյ անմիջապէս կողքին գտնուող արեւելեան հարեւանը՝ Հայաստանը, «հեռու եւ անհասանելի» երկիր մըն է։ Մենք այս աշխատանքով կ՝ուզենք ըսել թուրք զբօսաշրջիկներուն, որ վերոնշեալ հանգամանքները Հայաստան այցելելու եւ գեղեցիկ տպաւորութիւններով Թուրքիա վերադառնալու համար արգելք չեն հանդիսանար»,- կ՝ըսէ Ալին Օզինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment