Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Կառավարութիւնը ֆէյսպուքեան Էջով Ցուցադրած է 2019-ի Պետական Պիւտճէի Փոխգործօնը

ՀՀ Կառավարութիւնը ֆէյսպուքեան Էջով Ցուցադրած է 2019-ի Պետական Պիւտճէի Փոխգործօնը

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը ֆէյսպուքեան իր էջին ինֆոկրաֆիքայի տեսքով ցուցադրած է 2019-ի  ինթըրաքթիւ (փոխգործօն) պետական պիւտճէն:

Ինթըրաքթիւ պիւտճէի միջոցով քաղաքացիները կրնան տեղեկանալ, թէ ինչ նպատակով, ուղղութեամբ եւ ինչպէս կը ծախսուին պիւտճէի գումարները, տեսնել պիւտճէի եկամուտներն ու ծախսերը առցանց ռեժիմով։

Ինթերաքթիւ (պիւտճէին մէջ ցուցադրուած է, թէ տուեալ պահի դրութեամբ ինչքան գումար ծախսուած է եւ դեռ ինչքան կը նախատեսուի ծախսել հետեւեալ ուղղութիւններով.

·    Տնտեսական յարաբերութիւններ,
·    Շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւն,
·    Բնակարանային շինարարութիւն  ծառայութիւններ,
·    Առողջապահութիւն,
·    Հանգիստ, մշակոյթ եւ կրօն, Կրթութիւն,
·    Ընկերային պաշտպանութիւն,
·    Հիմնական բաժիններուն մէջ չդասուող պահուստային ֆոնտեր,
·    Ընդհանուր բնոյթի հանրային ծառայութիւններ,
·    Պաշտպանութիւն,
·    Հասարակական կարգ, անվտանգութիւն եւ դատական գործունէութիւն:

Կառավարութեան ներկայացուցած ինթըրաքթիւ (փոխգործօն) պիւտճէն հասանելի է հետեւեալ յղումով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment