Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քոչարեանի Խափանման Միջոցի Գործը Քննող Դատաւորը Ինքնաբացարկ Յայտնած է

Քոչարեանի Խափանման Միջոցի Գործը Քննող Դատաւորը Ինքնաբացարկ Յայտնած է

by MassisPost

Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի գործը քննող ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Նելլի Պաղտասարեանը ինքնաբացարկ յայտնած է, լրագրողներուն ըսած է Քոչարեանի պաշտպան Արամ Օրբելեանը:

Նշենք, որ 9 Յունուարի նիստին դատախազութիւնը եւ քննիչը ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացուցած էին նիստը նախագահող դատաւոր Նելլի Պաղտասարեանին: Ինքնաբացարկի միջնորդութեան հիմքը այն էր, որ նոյն գործով մէկ այլ մեղադրեալի պարագային նոյն դատաւորը ինքնաբացարկ յայտնած էր՝ պատճառաբանելով, որ իրենք ընտանիքներով բաւական երկար մօտ եղած են: Խօսքը Մարտի մէկի գործով քննչական խումբի ղեկավար Վահագն Յարութիւնեանի գործի մասին է: Եւ դատախազն ու քննիչը պնդած են, որ այս գործերը փոխկապակցուած են, եւ դատաւորը կրնայ անաչառ չըլլալ:

Արամ Օրբելեանը ըսած է, որ ինքնաբացարկի հիմնաւորումները դեռ յայտնի չեն: «Իմ կարծիքով, արդարադատութիւն իրականացնելուց խուսափելու մասին է խօսք գնում», աւելցուցած է փաստաբանը:

Ինքնաբացարկէն ետք Քոչարեանի խափանման միջոցի միջնորդութեան քննութեան գործը պէտք է վերամակագրուի մէկ այլ դատաւորի: Արամ Օրբելեանը ըսած է, որ յոյս ունին՝ շատ կարճ ժամկէտի մէջ այն կը կազմակերպուի:

Նշենք, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանը 7 Դեկտեմբերին որոշած էր ուժի մէջ ձգել ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի աւելի վաղ կայացուցած որոշումը, ըստ որուն՝ Քոչարեանը կալանաւորուած է:

Պաշտպանները միջնորդութեամբ դիմած են ընդհանուր իրաւասութեան դատարան՝ պահանջելով Քոչարեանի նկատմամբ խափանման միջոց կիրառել գրաւը:

Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է Մարտի 1-ի գործով՝ սահմանադրական կարգը տապալելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment