Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սեյրան Օհանեանին մեղադրանք առաջադրուած է։ Ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն, ան ալ կ’անցնի մարտի 1-ի գործով։ Յատուկ քննչական ծառայութենէն (ՅՔԾ) լուրը չեն մեկնաբանած, ոչ հերքած են, ոչ ալ հաստատած։
«Այս պահին ոչինչ ասել չենք կարող»,-ըսած է ՅՔԾ մամուլի քարտուղար Մարինա Օհանջեանը՝ պատասխանելով Panorama.am-ի հարցին, թէ որ յօդուածի յատկանիշներով ան կը մեղադրուի։
Աւելի վաղ, ՅՔԾ պետ Սասուն Խաչատրեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած էր՝ քայլեր կը ձեռնարկուին, որ Սեյրան Օհանեանը Հայաստանէն չկարենայ հեռանալ։
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնի ու Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) պետի գաղտնալսուած ու հրապարակուած ձայնագրութեան մէջ Վանեցեանը ՅՔԾ պետին խորհուրդ կու տայ Խաչատուրովի փոխարէն ձերբակալել Սեյրան Օհանեանը կամ Միքայէլ Յարութիւնեանը, ինչին ի պատասխան Խաչատրեանը ըսած է.
«Սեյրանին էլ ենք բերելու, ապեր, որովհետեւ Սեյրանը ընդհանրապէս ուրիշ այլանդակութիւն է արել, ընկեր։ Սեյրանի մեղքը գիտե՞ս՝ ինչքան հիմնաւոր է։ Ինքն էդ օրը գիշերը հելնում- ասում է, եթէ քաղաքացիներով հաւաքուէք, ինչ-որ բան անէք, զօրքը համապատասխան պատասխան կը տայ, շատ կոշտ, այսինքն ինքը սպառնում է, ընկեր»։
Յիշեցնենք, որ 2008 -ի Մարտի 1-ին Սեյրան Օհանեանը եղած է ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ-պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ։ Ապրիլին նշանակուած է պաշտպանութեան նախարար։
Նշենք, որ այս պահուն Մարտի 1-ի գործով մեղադրանքներ առաջադրուած են ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, Միքայէլ Յարութիւնեանին, Եուրի Խաչատուրովին, Արմէն Գէորգեանին, Սամուէլ Մայրապետեանին, Վահագն Յարութիւնեանին