Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ մէջ Կարօ Փայլանը Կ’ուզեն Դատել Տխրահռչակ 301-րդ Յօդուածով

Թուրքիոյ մէջ Կարօ Փայլանը Կ’ուզեն Դատել Տխրահռչակ 301-րդ Յօդուածով

by MassisPost

Տիարպէքիրի դատախազութիւնը Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փաելանի դէմ հետաքննութիւն սկսած է այդ երկրի քրէական օրէնսգիրքի 301 յօդուածի յատկանիշներով: Այս մասին կը գրէ «Էրմենիհապեր»-ն ու կը մանրամասնէ, որ թրքական քրէական օրէնսդրութեան 301-րդ յօդուածը պատիժ կը նախատեսէ Թուրքիոյ, թուրք ազգութեան կամ թրքական կառավարական կառոյցները վիրաւորելու կամ նսեմացնելու համար։

Ապրիլ 30, 2008-ին շարք մը փոփոխութիւններ եղած են նշեալ յօդուածին մէջ, ասոնց շարքին նաեւ լրացում մը, որ կը պարտաւորեցնէ արդարադատութեան նախարարութեան թոյլտւութեան ստացումը քրէական գործի յարուցման համար։

Դատախազութիւնը արդէն Փայլանի վերաբերեալ գործ կազմած է, որու հիման վրայ միջնորդագիր ուղարկած է խորհրդարան՝ պատգամաւորը անձեռնմխելիութենէն զրկելու պահանջով: Դատախազութիւնը հետաքննութիւն սկսելու համար ստացած է նաեւ արդարադատութեան թոյլտւութիւնը:

Փայլանի վերաբերեալ գործը կազմուած է՝ հիմնուելով 2018 թուականի 25 Յուլիսին մէճլիսէն ներս  տեղի ունեցած ԺԴԿ-ի խմբակցութեան ժողովէն ետք Փայլանի ունեցած ելոյթին, ինչպէս նաեւ անկէ 2 օր ետք տուած հարցազրոյցին մէջ հնչեցուցած արտայայտութիւններուն վրայ:

Փայլանը արձագանգած է իր վերաբերեալ անձեռնմխելիութենէն զրկելու դատախազութեան պահանջին՝ ըսելով, որ գործի համար հիմք հանդիսացած ելոյթներուն մէջ ինքը ներկայացուցած է Տիարպէքիրի մէջ տիրող իրավիճակը:

«Ես տեսածներս պատմած եմ: Ամէն անկիւն ջրցան ու զրահամեքենայ կայ, եւ այս վիճակը Հիթլերի ու Մուսոլինիի ժամանակաշրջանը կը յիշեցնէ: Դատախազը կը վերցնէ իմ այդ արտայայտութիւնն ու կ’ըսէ՝ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը նսեմացուցեր է, կ’ուզեմ, որ 301-րդ յօդուածով դատապարտուի: Որոշումը կ’ուղարկէ արդարադատութեան նախարարին, որ իր հերթին կ’ըսէ՝ այո՛, Կարօ Փայլանը զիս  վիրաւորեր է եւ թոյլ կու տայ հետաքննութիւն սկսիլ 301-րդ յօդուածի յատկանիշներով: Սա իրաւական առումով գայթակղային վիճակ է: Սա ցուցիչն է այն բանի, որ կառավարութիւնը 301-րդ յօդուածը կ’օգտագործէ ընդդիմութիւնը լռեցնելու համար:  Այդ յօդուածը շատ քննարկուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք: Այն ժամանակ կառավարութիւնը ըսաւ, որ յօդուածը պիտի չհանէ, բայց անոր կիրառութիւնը պիտի սահմանափակէ, հաւաստիացուց, որ այդ յօդուածը փաստացի պիտի չգործէ: Մինչդեռ կը տեսնենք, որ սկսած են գործադրել»:

Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի  տխրահռչակ 301-րդ յօդուածի յատկանիշներով բազմաթիւ գործեր կ’ընթանային «Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment