Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Պոլսոյ Մէջ Մեկնարկած է Փարաճանովի ֆիլմերու Ցուցադրութիւնը

Պոլսոյ Մէջ Մեկնարկած է Փարաճանովի ֆիլմերու Ցուցադրութիւնը

by MassisPost

Պոլսոյ Փերայի թանգարանին մէջ անցած ամիս այցելուներուն ուշադրութեան ներկայացուած «Փարաճանով. Սարգիսի հետ» խորագրով ցուցահանդէսի շրջանակէն ներս մեկնարկած է մեծանուն հայ շարժանկարի բեմադրիչ, արուեստագէտ Սերկէյ Փարաճանովի ֆիլմերու ցուցադրութիւնը:

Թանգարանի կայքին մէջ հրապարակուած ծանօթագրութեան համաձայն՝ «Ապստամբ պատկերներ. Սերկէյ Փարաճանով» ծրագրի ընթացքին Փարաճանովի շարժանկարի արուեստի երկրպագուները յառաջիկայ երեք ամիսներուն հնարաւորութիւն կ’ունենան դիտել բեմադրիչի հեղինակած ֆիլմերը:

Շարժանկարի աշխարհի շարք մը հռչակաւոր դէմքերու՝ Թարքովսքիի, Կոտարի, Ֆելինիի, Անթոնիոնիի կողմէ ամենաբարձր գնահատականին արժանացած Փարաճանովի հանճարեղ ֆիլմերէն ցուցադրութեան ծրագրին մէջ ընդգրկուած են «Անտրիէշ», «Առաջին տղայ», «Ուքրանիական ռափսոտիա», «Ծաղիկ քարի վրայ», «Մոռցուած նախնիներու ստուերները», «Յակոբ Յովնաթանեան», «Սուրամի ամրոցի լեկենտը», «Արապեսքներ Փիրոսմանի թեմայով», «Աշուղ Ղարիպ», «Նռան գոյնը» Շարժանկարները։

Ծրագրի շրջագիծէն ներս պիտի ցուցադրուին նաեւ Արտաւազդ Փելէշեանի «Տարուայ եղանակները» շարժանկարի պոեմը, Ռոն Հոլովէյի «Փարաճանով. ռեքվիեմ» ու Փաթրիք Կազալսի «Սերկէյ Փարաճանով. ապստամբը» փաստագրական ֆիլմերը։

Փարաճանովի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսն ու ֆիլմերու ցուցադրութիւնը այցելուներուն համար բաց պիտի ըլլայ մինչեւ 17 Մարտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment