Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստան Արցախ Ֆոնտը 2018-ի Ընթացքին $43 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

Հայաստան Արցախ Ֆոնտը 2018-ի Ընթացքին $43 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

by MassisPost

2018-ի չորրորդ եռամսեակի ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $23 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։ Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $22.5 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է Direct Relief կազմակերպութենէն ($18.3 միլիոն), AmeriCares կազմակերպութենէն ($3.8 միլիոն), եւ Կաթողիկէ Բժշկական Առաքելութեան Վարչութենէն ($159,000)։

Այս ժամանակաշրջանին մեծարժէք ապրանքներ նուիրած է նաեւ Ակաբէ Ծրագիրը ($119,000)։

Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքն ու բժշկական պիտոյքները առաքուած են ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ Գաղթականներու Բժշկական Կեդրոնին, Արաբկիր Միացեալ Մանկական Բարեգործական Հիմնադրամին, Մանկաբարձային, Նորածնաբանական, եւ Կնաբանական Կեդրոնին, Մուրացան Մանկական Գեղձաբանական Կեդրոնին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական Կեդրոնին, եւ Հայաստանի ու Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւններուն։

2018-ի տեւողութեան, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը իր պատմութեան մէջ աննախադէպ՝ $43 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք, բժշկական պիտոյք, եւ մարդասիրական այլ օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։ Անցեալ 29 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը՝ Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $820 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2,420 ծովային արկղերով։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեանը եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Մեծապէս կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ [email protected]։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment