Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան-Ռուսաստան Մնայուն Շահերը

Հայաստան-Ռուսաստան Մնայուն Շահերը

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ասդին Ռուսաստան հետ յարաբերութիւններու հարցը կը հանդիսանայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մնայուն եւ գլխաւոր օրակարգը: Նոր իշխանութիւնները կը փորձեն այս ուղղութեամբ վարել շատ զգոյշ քաղաքականութիւն մը, քաջ գիտակցելով Ռուսաստանի ունեցած մեծ ազդեցութեան, ոչ միայն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վրայ, այլ եւ ներքին, ռազմական ու տնտեսական առումներով:
Ժողովրդային յեղափոխութեան վերջնական յաղթանակէն առաջ իսկ, Փաշինեան հրապարակաւ յայտարարեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղուածութիւնը փոփոխութեան ենթակայ չէ եւ ան պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ ստանձնած իր բոլոր դաշնակցային պարտաւորութիւններուն:

Հակառակ այս հաւաստիացումներուն, յստակ է որ Ռուսաստան շատ խանդավառ չէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններով: Տարբեր առիթներով ու ձեւերով Մոսկուա կ՛արտայայտէ իր այդ տրամադրութիւնները: Միւս կողմէ, Երեւան ջանք չի խնայեր մեղմելու եւ փարատելու համար բոլոր մտահոգութիւնները:

Այստեղ կայ եւս խանգարող հանգամանք մը կապուած Հայաստանի ներքին շրջանակներուն հետ: Փաշինեանի կառավարութիւնը մնայուն քննադատութեան առարկայ է տարբեր կողմերէ: Ե’ւ նախկին իշխանութիւններուն համակրող շրջանակներն ու գործիչները, եÿւ յեղափոխութեան կողմնակից մեկնաբաներ ու մամուլի շարք մը օրկաններ կը փորձեն բորբոքել Հայ-Ռուսական յարաբերութիւնները: Ռուսամէտ ներկայացող ուժերը կը մեղադրեն Փաշինեանը ՚Ռուսաստանի հետ կապերը փճացնելու եւ տարիներու ընթացքին ձեռք ձգուած վստահութեան մթնոլորտը խաթարելու մէջՙ: Արեւմտամէտ կողմնորոշման ջատագովները մնայուն ցեխարձակումի կÿենթարկեն Ռուսաստանը` պատեհ ու անպատեհ առիթներով:

Օրինակները շատ են ու մնայուն: Վերջին օրերուն երկու կողմերէն հաւասարապէս շահագործման առարկայ է նախագահ Փութինի կողմէ շնորհաւորանքի բացակայութիւնը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առթիւ:

Մինչ այս հարցի շուրջ հրապարակային քննարկումները կը շարունակուին, ուշագրաւ էր Հայաստանի քաղաքացիներու դիրքորոշումը: Դեկտեմբեր 9-ի ընտրութիւններուն սպասուածէն աւելի քիչ ձայներ ստացան այն երկու ուժերը, որոնք ընդգծուած «հակառուս» քաղաքականութեան կողմնակիցներն էին: Խօսքը կը վերաբերի «Մենք» դաշինքին եւ «Սասնայ Ծռերուն», որոնք երկուքն ալ դուրս մնացին նոր Ազգային Ժողովէն, հակառակ որ շատեր կը խորհէին թէ այդ երկու ուժերը պիտի կարողանան ներկայութիւն ապահովել Խորհրդարանէն ներս: Նոյն էր պարագան նաեւ այն ուժերուն հետ, որոնք կը մեղադրէին Փաշինեանը Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները վտանգելու մէջ:

Անկախ, Հայաստանի ունեցած դժգոթիւններուն, յատկապէս Ատրպէյճանին մեծ քանակութեամբ արդիական զէնքերու վաճառքի հարցով եւ միւս կողմէ Ռուսաստանի ունեցած մտահոգութիւններէնª Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներուն նկատմամբ, երկու կողմերու շահերը կը պահանջեն որ այդ յարաբերութիւնները չենթարկուին մեծ ցնցումներու:

Ինչպէս յաճախ ըսուած է՝ քաղաքականութեան մէջ չկան մնայուն բարեկամութիւններ, այլ կան մնայուն շահեր:

Այսօրուայ դրութեամբ եւ տեսանելի ապագային եւս, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի շահերը բազմաթիւ առումներով կը նոյնանան` Կովկասի տարածաշրջանէն ներս:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment