Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի 2018 Թուականի 10 Լաւագոյն Մարզիկներու Անունները

Հայաստանի 2018 Թուականի 10 Լաւագոյն Մարզիկներու Անունները

by MassisPost

ՀՀ սփորի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներու» քուէարկութեան արդիւնքները յայտնի են:

Լաւագոյնի կոչման համար կը պայքարէր 21 մարզիկ, իսկ տասնեակը այսպիսի տեսք ունի.-
Արթուր Ալեքսանեան` յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ
Արթուր Թովմասեան` սփորթային մարմնամարզութիւն
Ֆերտինանտ Կարապետեան` ճիւտօ
Վլատիմիր Յարութիւնեան/Լեւ Սարգսեան` ջրացատկ, սինխրոն աշտարակացատկեր
Արսէն Ղազարեան` սամպօ
Մաքսիմ Մանուկեան` յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ
Սիմոն Մարտիրոսեան` ծանրամարտ
Գոռ Մինասեան` ծանրամարտ
Գրիգոր Մխիթարեան` սամպօ
Էտկար Ստեփանեան` հեծանիւային սփորթ

Յիշեցնենք, որ քուէարկութեան մասնակցած են նախարարութեան մօտ հաւատարմագրուած լրատուամիջոցներն ու նախարարութեան մօտ գրանցուած գլխաւոր մարզիչները, ինչպէս նաեւ հանրութիւնը` SMS քուէարկութեան միջոցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment