Home ԱՅԼԱԶԱՆ «ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» 2019 Արձանագրութիւնները Սկսած են

«ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» 2019 Արձանագրութիւնները Սկսած են

by MassisPost

Zarmanazan-arm-72dpi«Զարմանազան» 2019՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու շրջանը, Յուլիս 12-էն մինչեւ Օգոստոս 7։ Պիտի ունենայ միաժամանակ երեք բաղադրիչներ.

  • 10-էն 17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ստեղծագործական ծրագիր մը,
  • 18 -էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ստեղծագործական յայտագիր մը,
  • Խտացեալ համալսարանական ծրագիր մը, ուղղուած Սփիւռքի արեւմտա­հայերէնի ուսուցիչներուն, ու վաւերացուած Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնակին (Ինալքոյին) կողմէ։

Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին։ Ասոնց կարգին՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, երաժշտական եւ մարմնային արտայայտութեան զարգացում, թատերական խաղեր, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային եւ մարզական խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։

Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը , մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ղեկավարութեամբ։

«Զարմանազան» ը բաց է Սփիւռքի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն։ Տրամադրելի տեղերու թիւը սահմանափակ է։

Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ հետեւեալ պարագան. երիտասարդներու խումբին մասնակիցները անհրաժեշտ է որ գիտնան առնուազն միջին մակարդակով հայերէն մը։

Իսկ համալսարանական խտացեալ ծրագիրը, զոր պիտի վարեն մասնագէտ դասատուներ, 15 ուսուցիչ միայն կ՚ընդունի ։ Ծրագիրը կ ՚ առաջարկէ մանկավարժական այժմէական մօտեցումներու եւ առարկաներու վրայ հիմնուած դասախօսութիւններ եւ խմբային աշխատանքներ։

Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէ՛ք www.gulbenkian.pt/armenian-communities  կայքէջը։

Արձանագրութիւնները պէտք է կատարուած ըլլան մինչեւ 19 Յունուար 2019, Կրինուիչի ժամով ժամը 23։00-ին։

Բոլոր արձանագրուողներուն հետ կապ պիտի հաստատենք 9 Փետրուար 2019-ին։

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց  «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրի մէկ բաժինը։ Ան կազմակերպուած է Լիոնի Հազար ու մէկ աշխարհ ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին համագործակցութեամբ։ «Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ մարզանքներու նախարարութեան կողմէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment