Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ The Economist Թերթը Հայաստանը Հռչակած Է 2018 Տարուայ Երկիրը

The Economist Թերթը Հայաստանը Հռչակած Է 2018 Տարուայ Երկիրը

by MassisPost

The Economist թերթը Հայաստանն հռչակած է 2018 տարուայ երկիրը: Այս առթիւ թերթի խմբագրութիւնը կը բացատրէ, որ «Տարուայ Երկիր» ամենամեայ անուանումը կը տրուի ոչ թէ ամենաազդեցիկ ազգին, ոչ թէ ամենահարուստ երկրին, ոչ թէ ամենահամեղ ուտելիքներ ունեցող երկրին, այլ այն երկրին որ դէպի լաւը փոխած է վերջին 12 ամիսներու ընթացքին:

«Այս մէկը բարդ ընտրութիւն է: Տարուայ ընթացքին լաւ աշխատանքը ապագայ յաջողութեան երաշխիք չէ: Անցեալ տարուայ յաղթող Ֆրանսան խրուած է անկարգութիւններու մէջ: Միանմարը, որ յաղթած էր 2015-ին, արիւնոտ ետքայլ կ՛ապրել: Հակառակ ասոր, մենք պէտք է ընտրենք», կը շեշտէ թերթը:

Հայաստանի ընտրութեան վրայ կեդրոնանալով թերթը կը գրէ,- «Նախագահ Սերժ Սարգսեանը փորձեց երկարաձգել իր ժամկէտը՝ դառնալով վարչապետ: Փողոցները բռնկեցան՝ որպէս բողոքի նշան: Նիկոլ Փաշինեանը՝ խարիզմատիկ եւ մօրուքաւոր նախկին լրագրողը եւ պատգամաւորը, օրինականօրէն եկաւ իշխանութեան՝ կոռուպցիայի եւ անկարողութեան դէմ բողոքի ալիքի վրայ: Անոր դաշինքը հետագայ ընտրութիւններուն հաւաքեց ձայներու 70 տոկոսը: Փութինեան տիրակալը վռնտուեցաւ, եւ ոչ ոք չսպաննուեցաւ: Ռուսաստանին միջամտելու առիթ չտրուեցաւ»:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հարցերը չեն լուծուած եւ կրնայ դարձեալ բռնկիլ: Այնուհանդերձ, յաճախ վատ կառավարուող ազգը անհանգիստ տարածաշրջանին մէջ ունի ժողովրդավարութեան եւ նորացման հնարաւորութիւններ: Այդ պատճառով Հայաստանը մեր տարուայ երկիրն է»,- կը գրեն թերթի խմբագիրները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment