Հանրապետական կուսակցութեան նախագահի նախկին առաջին տեղակալ, նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանը օրեր առաջ ՀՀԿ-էն դուրս գալու դիմում գրած է: Այդ մասին «Ազատութեան» փոխանցած է Հանրապետական կուսակցութեան կազմակերպչական յանձնաժողովի ղեկավար Ռուբէն Թադեւոսեանը:
Մինչեւ Նիկոլ Փաշինեանի ընտրուիլը՝ թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն, Կարապետեանը վարչապետի պարտականութիւնները կը կատարէր:
2010 թուականին Կարէն Կարապետեանը դարձեալ Հանրապետականի ցուցակով Երեւանի քաղաքապետ ընտրուած էր, սակայն մէկ տարի անց հրաժարական տուած եւ աշխատանքի անցած էր ռուսական «Կազփրոմպանք» ընկերութեան մէջ՝ որպէս առաջին փոխնախագահ:
Օրերս ալ յայտնի դարձաւ, որ Կարէն Կարապետեանին առաջադրած են «Զառուպեժնեֆթ»ի տնօրէններու խորհուրդի անդամի թեկնածու:
«Զառուպեժնեֆթ»-ը ռուսական պետական նաւթարդիւնահանող ընկերութիւն է, որու բաժնետոմսերու 100 տոկոսը կը պատկանի Ռուսաստանի Դաշնութեան: