Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲՀԿ-ԼՀԿ «Փոխհրաձգութիւնը» կը Շարունակուի

ԲՀԿ-ԼՀԿ «Փոխհրաձգութիւնը» կը Շարունակուի

by MassisPost

Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած «Բարգաւաճ Հայաստանը» տարածած յայտարարութեան մէջ հակադարձած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան (ԼՀԿ) ղեկավար Էտմոն Մարուքեանին՝ պնդելով, թէ վերջինս կը փորձէ հանդէս գալ իբրեւ քաղաքական հալածեալ:

16 Նոյեմբերին, ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ Էտմոն Մարուքեանը հակադարձած է վերջին օրերուն Գագիկ Ծառուկեանի խմբակիցներու կողմէն իր հասցէին հնչող վիրաւորանքներուն եւ մեղադրանքներուն՝ շեշտելով, որ Գագիկ Ծառուկեանը իրենց դէմ պատերազմ սկսած է Հանրայինի եթերին տեղի ունեցած բանավէճէն ետք, մասնաւորապէս՝ իր այն յայտարարութեան համար, որ հին համակարգը յեղափոխութենէն ետք քանդուած է, իսկ Ծառուկեանը՝ իր քաղաքական ուժով, հին համակարգի մէկ մասն է:

Շուրջ 40 րոպէ տեւողութեամբ իր ելոյթին մէջ Մարուքեանը Ծառուկեանին յիշեցուց անոր քաղաքական անցեալը, որ ան, 2007 թուականէն ըլլալով ներկայացուածութեամբ երկրորդ ուժը խորհրդարանէն ներս, նախ ծառայած է Ռոպերթ Քոչարեանին, ապա Սերժ Սարգսեանին:

«Պատերա՞զմ էք մեզ յայտարարել: Լո՞ւրջ էք ասում: Ախր մոռացել էք, որ մենք ո՜վ, դուք ո՜վ․․․ կը մաշենք ձեզ: 2007 թուականից կա՛մ քոալիցիայի (դաշինք) մէջ էք, կա՛մ էլ ընդդիմութիւն: Որպէս իշխանութիւն ոչ մի բան չէք արել: Ռոպերթ Քոչարեանին էք ծառայել մինչեւ էդ, յետոյ Սերժ Սարգսեանին էք ծառայել, յետոյ Սերժ Սարգսեանին էք ծառայել՝ որպէս ընդդիմութիւն: Ու հիմա դուրս էք էկել, ասում էք՝ ա՜, «Լուսաւորը» կեղծ ընդդիմութիւն ա․․․ մե՞զ էք ասում: Ապրիլի 17-ին Դուք ո՞ւր էիք, երբ որ Սերժ Սարգսեանը էկել էր երրորդ ժամկէտով ընտրուելու: Դուք չէիք եկել, չէ՞, նիստին, վախեցե՞լ էիք գալ․․․ Ձեր ֆրակցիայի կէսին էլ ասել էիք՝ կողմ կը քուէարկէք Սերժ Սարգսեանին: Էդքան տարի ծառայել էք էդ համակարգին: Դրա արդիւնքում, միանշանակ, կարանք յայտարարագրերով Ձեր նայենք, հարստացել էք: Հարստացել էք: Որի մէջ բազմաթիւ ճեղքեր կան՝ ոնց, ինչ, կազի համակարգը», – յայտարարած է «Լուսաւոր Հայաստանի» առաջնորդը:

Ի պատասխան՝ «Բարգաւաճ Հայաստանի» մամուլի խօսնակի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ Էտմոն Մարուքեանն է, որ բազմիցս կողմ քուէարկած եւ պաշտպանած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի կառավարութիւններու ծրագիրները։ «Հիմա ո՞վ է նախկին իշխանութիւնների հետ համագործակցողը», – կը հարցնեն ԲՀԿ-էն՝ շեշտելով, թէ կուսակցութեան հիմնադիրը ոչ թէ Ռոպերթ Քոչարեանն է, այլ Գագիկ Ծառուկեանը: Եթէ Քոչարեանը որեւէ կապ ունենար ԲՀԿ-ի հետ, ապա այսօր կուսակցութիւնը Քոչարեանի կողքին կ’ըլլար։

Նշենք, որ Էտմոն Մարուքեանը անդրադարձած էր նաեւ իրեն պատգամաւորական մանտաթէն զրկելու մասին «Բարգաւաճ Հայաստանէն» պատգամաւոր ընտրուած Վահէ Էնֆիյաճեանի գրառման: Էնֆիյաճեանը ֆէյսպուքեան իր էջին գրած էր, թէ Մարուքեանը Հայաստանի մէջ մշտական բնակութեան վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր ներկայացուցած էր ոստիկանութեան՝ կատարելով քրէական յանցագործութիւն, եւ հետեւաբար պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի: ԲՀԿ-ական պատգամաւորը Մարուքեանին որակած էր յանցագործ ՝ շեշտելով, թէ քաղաքական դաշտը անկէ պէտք է մաքրել, ինչը եւ պիտի ընեն:

Մարուքեանը կրկին հակադարձած է Գագիկ Ծառուկեանին, ըսելով, որ իրեն մանտաթէն չի կրնար զրկել եւ յիշեցուցած, որ ժամանակին Ծառուկեանը պէտք է զրկուէր մանտաթէն, քանի որ մշտապէս բացակայած է ԱԺ նիստերէն:

Էտմոն Մարուքեանը նաեւ յայտարարած է, որ Ծառուկեանը իրեն կը սպառնայ, ըսելով, թէ միեւնոյնն է ինք չի վախնար: Աւելին, ան յիշեցուցած է Ծառուկեանի ներկայութեամբ Օլիմփաւանի մէջ տեղի ունեցած ծեծի դէպքի մասին եւ ըսած. – «Ինձ սպառնո՞ւմ էք․․ որ չեմ կարայ ցերեկները ման գամ, գիշերները պտի ման գամ: Ի՞նձ էք սպառնում: Էն մարդուն, էն որ ծեծեցիք քապինեթում ու պատասխանատուութեան չեք ենթարկուել, է՞դ էք յիշացնում, թէ՞ ուրիշ բան կայ»:

Ի պատասխան Մարուքեանի այս յայտարարութեան՝ ԲՀԿ-էն հակադարձած են․ – «Դուք ո՞վ էք, որ Ծառուկեանը ձեզ ընդհանրապէս նկատի։ Միգուցէ դա ձեր ցանկութիւնն է, որ ձեզ սպառնան, եւ դուք հագնէք քաղաքական հալածեալի դիմակ: Ձեր յոյսերը զուր են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment