Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Մամուլը Լայնօրէն Անդրադարձած է Հայաստանեան Ընտրութիւններուն

Թրքական Մամուլը Լայնօրէն Անդրադարձած է Հայաստանեան Ընտրութիւններուն

by MassisPost

Վերջին շաբաթուան ընթացքին Հայաստանը թրքական առաջատար լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնն է:

Թրքական բազմաթիւ կայքեր անդրադարձած են անցած կիրակի Հայաստանի մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն, անոնց նախորդող ներքաղաքական զարգացումներուն՝ Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն երկրի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, Նիկոլ Փաշինեանի կերպարին եւ անոր անցած քաղաքական ուղիին:

«Անատոլու» գործակալութենէն Թուղրուլ Չամը «Հայաստանի մէջ ուժերը ամրապնդող անունը. Փաշինեան» վերնագրով յօդուածին մէջ ընթերցողներուն ներկայացուցած է վերջին կէս տարուան հայաստանեան ներքաղաքական խմորումները, անոնց յանգեցուցած պատճառները, գարնան տեղի ունեցած համաժողովրդական շարժման ընթացքը, շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի կենսագրութիւնն ու անցած ճանապարհը՝ լրագրողէն մինչեւ վարչապետ: Յօդուածագիրը նաեւ փորձած է հասկնալ Փաշինեանի որդեգրած գաղափարախօսութիւնը՝ գրելով, թէ շարք մը քաղաքագէտներ ու վերլուծաբաններ անոր ազատական կը համարեն, սակայն ան զերծ չէ նաեւ ձախակողմեան ու ազգայնական հռետորաբանութենէ:

«Ինքը՝ Փաշինեանը իրեն ոչ մէկ գաղափարախօսութեան կրող չի համարեր», – նշած է Չամը:

«Հիւրիյէթ» պարբերականէն Սետաթ Էրկինը «Երեւանեան տպաւորութիւններ. արդեօ՞ք լրագրողը  վարչապետ կը դառնա՞յ» յօդուածին մէջ բաւական դրական գիծերով ներկայացուցած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Խօսելով անոր քաղաքական անցեալի մասին` յօդուածի հեղինակը անդրադարձած է նաեւ լրագրող Փաշինեանի գործունէութեան․ – «43-ամեայ Նիկոլ Փաշինեանը յայտնի դարձաւ, երբ դեռ 20 տարեկան երիտասարդ լրագրող էր, որ ջուրի երես կը հանէր երկրի մէջ տիրող անօրինականութիւնները: Այդ պատճառով ալ դեռ լրագրողական տարիներուն ճնշումներու ենթարկուած էր»:

Ներկայացնելով վերջին 10 տարուան ընթացքին Փաշինեանի մղած քաղաքական պայքարի պատմութեան՝ «Հիւրիյէթ»-ի լրագրողը փաստած է, որ այն ի վերջոյ յաջողութեամբ պսակուած է․ – «Անցած կիրակի կայացած ընտրութիւններուն Փաշինեանի գլխաւորած դաշինքը, ստանալով 70,4 տոկոս քուէ, պատմական յաղթանակ արձանագրեց»:

Իր յաջորդ՝ «Արդեօ՞ք Փաշինեանը կրնայ վերացնել տնտեսական անօրինականութիւնները Հայաստանի մէջ» յօդուածին մէջ Սետաթ Էրկինը խօսած է վերջին երկու տասնամեակներուն Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած քրէաօլիկարխիկ համակարգի ու անոր հետեւանքներու մասին՝ փաստելով, որ Փաշինեանի կառավարութեան ծանր աշխատանք կը սպասէ:

«Արդեօ՞ք Փաշինեանը կը յաջողի կատարել իր խոստումը ու արմատախիլ ընելով անօրինականութիւնները, յեղափոխութիւնը տանել նաեւ տնտեսական ու ընկերային ոլորտներ», – գրած է թուրք լրագրողը՝ համոզմունք յայտնելով, որ արժէ ուշադրութեամբ հետեւիլ Թուրքիոյ հարեւան երկրին մէջ տեղի ունեցող հասարակական, քաղաքական զարգացումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment