Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախկին Փոխ-Վարչապետ Արմէն Գէորգեանին Կալանաւորելու Միջնորդութիւն Ներկայացուցած է

Նախկին Փոխ-Վարչապետ Արմէն Գէորգեանին Կալանաւորելու Միջնորդութիւն Ներկայացուցած է

by MassisPost

Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի իշխանավարման տարիներուն տարբեր բարձր պետական պաշտօններ զբաղեցուցած, 2008 թուականի Մարտի 1-ի զարգացումներու ժամանակ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար հանդիսացած Արմէն Գէորգեանին Յատուկ քննչական ծառայութիւնը երեք նոր մեղադրանք առաջադրած է։

Վարոյթը իրականացնող մարմնի կողմէն Արմէն Գէորգեանին առաջադրուած մեղադրանքը լրացուած է, փոփոխուած է եւ առաջադրուած է նոր մեղադրանք՝ սահմանադրական կարգը տապալելուն օժանդակելու, առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու եւ յանցաւոր ճանապարհով ստացած եկամուտները օրինականացնելու՝ այսինքն փողերու լուացման համար։

ՅՔԾ-ն մեղադրանքները 11 Դեկտեմբերին ներկայացուցած է, պաշտպանական կողմը դեռ չէ հասցուցած ծանօթանալ անոնց բովանդակութեան։

«Նա [Արմէն Գէորգեանը] մեղադրանքին ծանօթ է, արդէն յայտնել է իր դիրքորոշումը, որ չի ընդունում առաջադրուած մեղադրանքը։ Բնականաբար, գտնում ենք, որ առաջադրուած մեղադրանքները մտացածին են եւ իրականութեանը չեն համապատասխանում», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Գէորգեանի պաշտպան Էրիկ Ալեքսանեանը։

Պաշտպանը հրաժարած է յաւելեալ տեղեկութիւններ յայտնել՝ ելլելով նախաքննական գաղտնիութեան սկզբունքէն։

Ներկայացնելով երեք նոր մեղադրանք՝ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը Արմէն Գէորգեանը երկու ամիսով կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է, սակայն այսօրուան դատական նիստը յետաձգուած է պաշտպանական կողմի խնդրանքով՝ կալանաւորման հիմքերուն ծանօթանալու համար։

Արմէն Գէորգեանի փաստաբան Էրիկ Ալեքսանեանը «Ազատութեան» տեղեկացուցած է, որ պիտի վիճարկեն կալանաւորման հիմքերը եւ եթէ դատարանը որոշէ, որ, այնուամենայնիւ, կալանաւորելու հիմքերը առկայ են, պաշտպանական կողմը պիտի միջնորդէ, որպէսզի խափանման միջոց կիրառուի գրաւը։

Այսպիսով՝ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղարին, ընդհանուր առմամբ, չորս մեղադրանք ներկայացուած է։ Դեռ այս տարուան Օգոստոս 3-ին Արմէն Գէորգեանին մեղադրանք առաջադրուած էր արդարադատութեան ընթացքը խոչընդոտելու համար եւ գործը միացուած էր «Մարտի 1»-ի գործին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment