Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ G20-ի Ընթացքին Էրտողան Կրկին Հերքած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

G20-ի Ընթացքին Էրտողան Կրկին Հերքած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Պուենոս Այրեսի մէջ G20 գագաթնաժողովի շրջանածիրէն ներս տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ լրագրող մը, որ ինքզինք համարած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ծոռ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանին հարց ուղղած է, թէ արդեօ՞ք ժամանակը չէ, որ Թուրքիան ընդունի հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը։

Հարցէն զայրացած Էրտողանը հերքած է ցեղասպանութեան փաստը եւ աւելցուցած. «Թուրքիան չի կրնար մեղադրուիլ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն իրականացնելու մէջ: Ցեղասպանութեան վերաբերող հարցը պէտք է ձգենք պատմաբաններու քննարկման եւ լսենք, թէ անոնք ինչ կ՛ըսեն: Ես կրնամ վստահօրէն ըսել, որ ատիկա մեր պատմութեան մասը չէ, եւ մենք պատրաստ ենք ներգրաւուիլ որեւէ քննարկման մէջ»:

«Դուք գիտէ՞ք, թէ այս այժմ քանի հայ կ՛ապրի իմ երկրիս մէջ: Հարիւր հազարաւորներ, որոնցմէ մօտ 30,000-ը քաղաքացիներ են, իսկ մնացածը` առանց փաստաթուղթերու: Անոնք փախած են Հայաստանէն` Թուրքիա հաստատուելու համար: Եւ մենք անոնց թոյլ տուած ենք այդպէս ընել: Ընդհանուր առմամբ, 100,000 հայ  կ՛ապրի մեր երկրին մէջ: Անոնք երբեք խտրականութեան չեն ենթարկուած իրենց ազգութեան համար, մենք երբեք ոեւէ հայ չենք արտաքսած այս հիմքերով: Մենք շատ մարդասէր ենք եւ պիտի շարունակենք այդպէս վարուիլ յետագային եւս»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment