Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Որոշ Մարդիկ կը Շարժին Դէպի Պետական Դաւաճանութիւն». Փաշինեան

«Որոշ Մարդիկ կը Շարժին Դէպի Պետական Դաւաճանութիւն». Փաշինեան

by MassisPost

Գորիսի մէջ ունեցած իր ելոյթի ժամանակ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է՝ որոշ քաղաքական ուժեր սուտ յայտարարութիւններ կը տարածեն Ղարաբաղի վերաբերեալ նոր կառավարութեան դիրքորոշման մասին՝ «հասկանալով, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները լինելու են իրենց մահուան արձանագրումը»։

«Հայաստանում կան քաղաքական ուժերի ներկայացուցիչներ, ովքեր օրուայ մէջ ասում են, թէ յեղափոխութիւնը դաւադրութիւն է Արցախի դէմ, եւ մեր կառավարութիւնը դաւադրութիւն է պատրաստում ու նենգ մտադրութիւններ ունի Արցախի դէմ։ Երբ մարդիկ սուտ յայտարարութիւններ են անում՝ իրենք էլ իմանալով, որ սուտ յայտարարութիւն է, երբ մարդիկ սուտ յայտարարութիւններ են անում, որ ՀՀ-ն զէնք չի գնում, ես մտածում եմ՝ էս մարդիկ էս յայտարարութիւններն ինչի՞ են անում: Անկեղծ ասած՝ որեւէ տրամաբանական բացատրութիւն չեմ գտնում, բացի նրանից, որ որոշ քաղաքական ուժեր հասկացել են, որ այս ընտրութիւնները լինելու են իրենց մահուան արձանագրումը», – ըսած է «Իմ քայլը» դաշինքի առաջնորդը։

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ նման յայտարարութիւններ տարածող մարդիկ՝ իրենց քաղաքական մօտալուտ մահը արձանագրելով, որոշած են քաղաքական սադրիչ յայտարարութիւններով, դաւադիր պատերազմի հրձիգ դառնալ՝ յոյս ունենալով լուծել իրենց նեղ խմբային եւ անձնական շահերը:

«Սա շատ լուրջ վարկած է, որովհետեւ ես իրօք այլ բացատրութիւն չեմ կարողանում գտնել։ Իմ ասած վարկածի եւ այդ յայտարարութիւններով այլեւս պէտք է զբաղուեն նաեւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւ ռազմական հակահետախուզութիւնը, որովհետեւ որոշ մարդիկ շատ վստահ քայլերով շարժուում են դէպի պետական դաւաճանութիւն, եւ ես չեմ վախենում այս յայտարարութիւնն անել։ Եւ ես ուզում եմ ասել՝ այսօրուայ կառավարութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը ունեն բաւարար լծակներ, որպէսզի արմատախիլ անեն մեր Զինուած ուժերի թիկունքում քայքայիչ գործողութիւններ անելու փորձեր անող որոշ ուժերի»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ շարունակելով. – «Եթէ որեւէ մէկը ժողովրդական յեղափոխութիւնը, այսինքն՝ ժողովրդի կողմից ընտրուած կառավարութեանը կը փորձի կասկածել որեւէ հակազգային կամ հակապետական դաւադրութեան մէջ, մենք իրաւունք կը վերապահենք այդ մարդկանց կասկածել առնուազն օտարերկրեայ ազդեցութեան գործակալներ լինելու մէջ»։

Ելոյթէն ետք Նիկոլ Փաշինեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ չէ յստակեցուցած, թէ որ ուժերուն նկատի ունէր իր վերլուծութեան մէջ։ Միայն ըսած է, որ պիտի յանձնարարէ ԱԱԾ-ին զբաղուիլ այս հարցով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment