Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գլխաւոր Դատախազը Հանրապետական Պատգամաւոր Արամ Յարութիւնեանին Կալանաւորելու Միջնորդութեամբ Դիմած է ԱԺ

Գլխաւոր Դատախազը Հանրապետական Պատգամաւոր Արամ Յարութիւնեանին Կալանաւորելու Միջնորդութեամբ Դիմած է ԱԺ

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 2015-ի Սեպտեմբերի 11-ին պաշտօնատար անձի կողմէ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու դէպքի առթիւ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ հիմնաւորած է, որ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արամ Յարութիւնեանը 2008-ին զբաղեցնելով բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնը, միաժամանակ որպէս «Ընդերքի օգտակար հանածոների շահագործման նպատակով ուսումնասիրութեան յատուկ վկայագիրներ» տրամադրող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նախագահ, Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Կոտայքի մարզերու գունաւոր մետաղներու 10 հանքերեւակումներու շահագործման յատուկ արտօնագիր տրամադրելու համար, միջնորդաւորուած եղանակով ստացած է 14 միլիոն ԱՄՆ տոլար առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք:

Դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «այնուհետեւ Արամ Յարութիւնեանը, այլ երկրում այլ անձանց անուններով բացուած պանքային հաշիւներով փոխանցումներ ապահովելու եղանակով, նպատակ ունենալով թաքցնել գումարի յանցաւոր ծագումը, օրինականացրել է յանցաւոր ճանապարհով ստացուած առանձնապէս խոշոր չափերով գոյք /փողերի լուացում/, այսինքն՝ առերեւոյթ կատարել է ծանր յանցագործութիւններ»:

«Միաժամանակ քրէական գործով տուեալներ են ձեռք բերուել այն մասին, որ փաստացի Արամ Յարութիւնեանին են պատկանում Երեւան քաղաքի մի քանի հասցէներում գտնուող առանձնատուն, բնակարաններ, Հանրապետութեան հրապարակի յարակից տարածքում գտնուող 7 հարկանի շէնք, ռեստորանային համալիր, Երեւանի Դ.Անյաղթ 10/1 հասցէում գտնուող աւելի քան 427 միլիոն դրամ արժէքով հասարակական նշանակութեան շինութիւն, Կոտայքի մարզի Գետամէջ համայնքում գտնուող աւելի քան մէկ տասնեակ գիւղատնտեսական նշանակութեան հողամասեր: Նրա կողմից յայտարարագրուել է աւելի քան մէկուկէս միլիոն ԱՄՆ տոլար», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Այսպիսով, քրէական գործով ձեռք բերուած ապացոյցներու համակցութիւնը, ըստ դատախազութեան, բաւարար հիմք կու տայ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արամ Յարութիւնեանը սոյն գործով ներգրաւելու որպէս մեղադրեալ:

Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը միջնորդութիւններ ներկայացուցած է Ազգային ժողովին, ի դէմս Ազգային ժողովի նախագահին՝ տալու համաձայնութիւն Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արամ Յարութիւնեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն, ինչպէս նաեւ անոր նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց կիրառելուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment