Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ռոպերթ Քոչարեանը Պէտք է Մնայ Կալանքի Տակ». ՀՀ Գլխաւոր Դատախազ

«Ռոպերթ Քոչարեանը Պէտք է Մնայ Կալանքի Տակ». ՀՀ Գլխաւոր Դատախազ

by MassisPost

Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը կը գտնէ, որ «Մարտի 1»-ի գործով խումբ մը անձանց հետ սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ մեղադրուողՀայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը պէտք է մնայ կալանքի տակ։

«Մենք գտնում ենք, որ՝ այո՛։ Մեր դիրքորոշումն այն է, որ պէտք է մնայ կալանքի տակ, եւ մենք բերում ենք այն հիմնաւորումները, որոնք վկայում են, որ կայ անհրաժեշտութիւն քննութեան այս փուլում, որպէսզի երկրորդ նախագահը մնայ կալանքի տակ», – «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան ըսած է Դաւթեանը։

Նշենք, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանը կը քննարկէր Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ խափանման միջոց կալանաւորումը անձեռնմխելիութեան հիմքով վերացնելու դէմ բողոքը։

«Յատկապէս Ռոպերթ Քոչարեանին առնչուող առանձին իրաւական հարցեր մասնագիտական լայն շրջանակներում քննարկման առարկայ էր դարձել, եւ ես անձամբ վճռաբեկ բողոք ներկայացրեցի համապատասխան հիմնաւորումներով, Վճռաբեկ դատարանը մասնակի բաւարարեց, եւ գործն ուղարկուեց Վերաքննիչ դատարան՝ նոր քննութեան, եւ, դրանով պայմանաւորուած, ես նպատակայարմար համարեցի, որ ինքս այդ ամբողջ խնդիրները ներկայացնեմ Վերաքննիչ դատարանում», -ըսած է դատախազը։

«Ազատութեան» հարցին, թէ կրցա՞ծ  են հիմնաւորել Քոչարեանի կալանքի անհրաժեշտութիւնը, Արթուր Դաւթեանը պատասխանած է. – «Մենք այդ փուլին դեռ չենք հասել։ Այսօր, կարծում եմ, որ կանցնենք ըստ էութեան քննութեանը եւ այդ ընթացքում կը ներկայացնենք ինչպէս հիմնաւոր կասկածին առնչուող մեր դիրքորոշումը, այնպէս էլ կալանքին առնչուող մեր հիմնաւորումը»։

Աւելի քան 10 օր առաջ Վճռաբեկ դատարանը մասնակի բաւարարած էր Գլխաւոր դատախազութեան բողոքը՝ Քոչարեանի նկատմամբ կալանաւորման վերաբերեալ որոշումը կրկին հասցէագրելով վերաքննիչ ատեանին: Դատախազութիւնը Վճռաբեկ դատարանէն պահանջած էր բեկանել Վերաքննիչի որոշումն ու ուժի մէջ թողել առաջին ատեանի վճիռը, որ նախկին նախագահը կալանաւորելու որոշում  ընդունած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment