Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկի Հարցախոյզի Համաձայն Հայաստանի 67 Տոկոսը կը Քուէարկէ «Քաղաքացիական Պայմանագրի» Օգտին

Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկի Հարցախոյզի Համաձայն Հայաստանի 67 Տոկոսը կը Քուէարկէ «Քաղաքացիական Պայմանագրի» Օգտին

by MassisPost

Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկի իրականացուցած հարցախոյզի համաձայն՝ հայաստանցիներու մեծամասնութիւնը լաւատես է երկրի ապագայի եւ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան նկատմամբ:

Հարցախոյզի մասնակիցներու 67 տոկոսը նշած է՝ եթէ ընտրութիւնները տեղի ունենային յաջորդ Կիրակի, ապա կը քուէարկէին «Քաղաքացիական պայմանագրի», 10 տոկոսը՝ «Լուսաւոր Հայաստանի», 9-ը՝ «Բարգաւաճ Հայաստանի», 3-ը «Սասնայ ծռերի», 2-ը՝ Հանրապետականի, 2-ը՝ Դաշնակցութեան օգտին:

Պատասխանողներու 61 տոկոսը ըսած է, որ երբեք չընտրեր Հանրապետականը, 18-ը՝ ԲՀԿ-ը, 17-ը՝ «Օրինաց երկիրը», 16-ը՝ ՀՅԴ-ն:

Պատասխանողներու 82 տոկոսը ըսած է, որ իր ամենասիրելի գործիչը Նիկոլ Փաշինեանն է, 81-ը դրական կարծիք յայտնած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի, 77-ը՝ ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանի մասին: Անոնց 82 տոկոսը ըսած է, որ նոր կառավարութեան «շատ դրական» եւ «համեմատաբար դրական» կը վերաբերի: 63 տոկոսը արագ քաղաքական փոփոխութիւններու ցանկութիւն յայտնած է, 73 տոկոսը կը կարծէ, որ Հայաստանը ճիշդ ուղիի վրայ է, եւ 81 տոկոսը համոզուած է, որ երկրին մէջ իրավիճակը ապագային պիտի բարելաւուի:

Պատասխանողներու մեծամասնութիւնը Փաշինեանի կառավարութենէն կ’ակնկալէ աշխատատեղերու ստեղծում, ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծում, թոշակներու ու աշխատավարձերու բարձրացում: Նախկին կառավարութեան ձախողումը կը համարեն առաջին հերթին կաշառակերութիւնը, թալանը, արտագաղթը, անիշխանութիւնը եւ մենաշնորհները:

Հարցախոյզը իրականացուած է 9-29 հոկտեմբերին՝ 1200 քաղաքացիի շրջագիծէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment