Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կոչ Ամերիկահայութեան – «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնին Առթիւ

Կոչ Ամերիկահայութեան – «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնին Առթիւ

by MassisPost

Ժողովրդային թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակով վերականգնեցաւ Հայ Ժողովուրդի հաւատքը Հայրենի պետութեան ու երկրի ապագայի նկատմամբ: Այսօր, Հայաստանի նոր իշխանութիւնները կը վայելեն մեր բոլորի վստահութիւնն ու աջակցութիւնը:

Վերջին ամիսներուն իրականացան զգալի փոփոխութիւններ, որոնց ի արդիւնք, վերացան նախորդ համակարգի արատաւոր բազմաթիւ երեւոյթներ: Պետական մարմինները սկսան առաջնորդուիլ թափանցիկութեան ու ժողովուրդին հաշուետու դառնալու սկզբունքով:

Նոյեմբեր 22-ին՝ Միացեալ Նահանգներու Գոհաբանութեան օր տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաք-թելեթոնը, որու ընթացքին Ամերիկահայութիւնը առիթը պիտի ունենայ իր նպաստը բերելու Հիմնադրամի ծրագիրներուն։

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը առաջին իսկ օրէն միշտ եղած է հաւատացողը Հիմնադրամի առաքելութեան եւ նպատակներուն: Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ անոր իրականացուցած ծրագիրները տուած են շօշափելի արդիւնքներ, որոնք նպաստած են որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները կառչած մնան իրենց հայրենի հողին:

Առ այդ, կոչ կ՚ուղղենք Ամերիկահայութեան՝ վերանորոգուած եռանդով մասնակից ըլլալու «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքին ու իրենց առատաձեռն նուիրատուութիւններով նպաստելու հայրենաշինութեան սրբազան գործին:

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment