Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մեր Կառավարութիւնը ի Վիճակի է Պաշտպանել Մեր Երկրի Շահերը». Փաշինեանը ՀԱՊԿ-ի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակի Մասին

«Մեր Կառավարութիւնը ի Վիճակի է Պաշտպանել Մեր Երկրի Շահերը». Փաշինեանը ՀԱՊԿ-ի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակի Մասին

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Գեղարքունիքի մարզ, որ մեկնարկած էր Մարտունի համայնքէն։ Վարչապետի պաշտօնակատարը եղած է հիմնանորոգուած թիւ 2 հիմնական դպրոց, որմէ ետք հանդիպում ունեցած է բնակիչներուն հետ, պատասխանած անոնց հարցերուն, խօսած է մարզային համայնքի խնդիրներուն մասին։ Այնուհետեւ այցը շարունակուած է մարզկեդրոն Գաւառի մէջ, ուր Փաշինեանը հանդիպած է մարզի համայնքապետերուն հետ։

Վարդենիկի կրթահամալիրի տնօրէն Կամօ Պատալեան իր վրդովմունքը արտայայտած է Պելառուսի նախագահի պահուածքի վերաբերեալ, որ ՀԱՊԿ գագաթնաժողովէն ետք Պելառուսի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանին գագաթնաժողովի մասին մանրամասներ պատմած էր ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի թեկնածուի ընտրութեան վերաբերեալ։ Ի պատասխան, Փաշինեանը ըսած է՝ «մեր միջազգային գործընկերները պէտք է արձանագրեն, որ այնպիսի յարաբերութիւններ, որ սովոր են տեսնել մինչ այժմ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, այլեւս չեն լինելու»։

«Էնպիսի տպաւորութիւն է, որ այսպէս իներցիայով շատ-շատերը ուզում են, փորձ են անում կամ պէտք է փորձեն մեզ վերաբերուել որպէս փոքր երկիր, փոքր ժողովուրդ։ Ես պարզ ասում եմ, որ չի անցնի այդպէս, որովհետեւ հնարաւոր է մենք փոքրաթիւ ժողովուրդ ենք, բայց մենք փոքր ժողովուրդ չենք, մենք մեծ ժողովուրդ ենք, որովհետեւ մենք հազարամեայ պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ ենք, մենք մշակոյթի ժողովուրդ ենք, մենք զօրավարների ժողովուրդ ենք։ Էլի եմ ասում, որ մենք արել ենք մի բան Ապրիլ-Մայիս ամիսներին, որ մարդկային պատմութեան մէջ նախադէպը չունի: Բայց այդ յարաբերութիւններում, համոզուած եղէք, որ մեր ժողովուրդը եւ մեր կառավարութիւնը ի վիճակի է պահպանել եւ պաշտպանել մեր երկրի շահերը, եւ սրա հետ պէտք է բոլորը հաշուի նստեն, եւ ես ձեզ խոստանում եմ, որ հաշուի կը նստեն», – յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատարը։

Փաշինեանը զգուշացուցած համայնքապետերուն, ինչպէս նաև դահլիճին մէջ ներկայ դպրոցներու տնօրէններուն եւ այլ հաստատութիւններու ղեկավարներուն, որ բացառեն ընտրութիւններուն քաղաքացիին քուէի վրայ ազդելու արատաւոր երեւոյթները, վարչական լծակներու գործածումը եւ չընդունեն այն քաղաքական ուժերու առաջարկները, որոնք կարող են առաջարկել, օրինակ, ցուցակագրել քուէներ իրենց օգտին։

Կառավարութեան ղեկավարը յաւելեց, որ խստագոյնս կը պատժուին ընտրակաշառք բաժանողները, ինչպէս նաեւ այն ոճրային դէմքերը, թաղային հեղինակութիւնները, որոնք կը փորձեն աշխուժանալ եւ քուէներ ապահովել այս կամ այն ուժի օգտին։

Ան ընդգծեց, որ յեղափոխութեամբ իշխանութիւնը վերադարձած է ժողովուրդին, եւ ժողովուրդը պէտք է իր քուէով որոշէ, թէ ով է ղեկավարելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment