Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւը Կրկին կը Խօսի ԼՂ Հիմնախնդիրը Պատերազմով Կարգաւորելու Պատրաստակամութեան Մասին

Ալիեւը Կրկին կը Խօսի ԼՂ Հիմնախնդիրը Պատերազմով Կարգաւորելու Պատրաստակամութեան Մասին

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահը վերստին յայտարարած է ռազմական ներուժը հզօրացնելու եւ ղարաբաղեան խնդիրը ցանկացած, այդ շարքին՝ պատերազմով կարգաւորելու պատրաստակամութեան մասին:

«Մենք ոչ մէկ տարբերակ չենք բացառեր», – Աղտամի շրջանին մէջ յայտարարած է Իլհամ Ալիեւը: – «Մենք այսուհետ եւս պիտի զարգացնենք մեր ռազմական հնարաւորութիւնները, եւ կը կարծեմ, որ այդ բանակցութիւններու կարեւորագոյն գործօններէն է, քանի որ, ցաւօք, միջազգային իրաւունքի չափանիշերը լիովին կ’անտեսուին: Մենք պիտի հասնինք մեր ուզած արդիւնքին, մենք կը պահանջենք, որ մեր պատմական հողերը ազատագրուին գրաւումէն, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ»:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ ունեցած կարճատեւ զրոյցէն ետք, որու ընթացքին կողմերը պայմանաւորուած էին նուազեցնել լարուածութիւնը շփման գիծին եւ ուղիղ կապ հաստատել, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը խուսափէր ռազմատենչ յայտարարութիւններէ:

5 Նոյեմբերին սակայն, Իլհամ Ալիեւը վերստին պնդած է, թէ Պաքուն պատրաստ է ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման ցանկացած տարբերակի․ – «Յոյսով եմ, որ Հայաստանի իշխանութիւնը, ճիշդ վերլուծելով տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը, ամենամօտ ժամանակին դուրս կը բերէ իր զօրքերը մեր հողերէն: Հակառակ պարագային հնարաւոր է կարգաւորման ցանկացած տարբերակ, մենք պատրաստ ենք ցանկացած լուծման: Ես բազմիցս նշած եմ, հիմա ալ կը կրկնեմ՝ մենք ապագային եւս պիտի մեկուսացնենք Հայաստանը բոլոր տարածաշրջանային նախագիծերէն եւ, օգտագործելով բոլոր միջոցները, պիտի վերականգնենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը»:

Հայաստանի նոր ղեկավարութեան հետ դէմ առ դէմ հանդիպման հնարաւորութեան մասին Ալիևը չի խօսել, բայց պնդել է, թէ «Հայաստանի նոր իշխանութիւնները չպէտք է կրկնեն նախորդ վարչակազմի սխալները»:

«Անոնք պէտք է բանակցութիւններու միջոցով դուրս բերեն զօրքերը գրաւեալ տարածքներէն եւ հնարաւորութիւն տան Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն վերադառնալ իրենց հարազատ ու պատմական բնակավայրերը», – ըսած է Ալիեւը՝ աւելցնելով․ – «Որքան շուտ անոնք կը հասկնան սա, այդքան լաւ իրենց համար ու տարածաշրջանին համար: Եւս մէկ անգամ կ’ուզեմ ըսել՝ մենք մտադիր չենք համակերպուելու այս իրավիճակի հետ»,-ըսած է Ալիեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment